ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ
Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց թերթին:
«Ալիք» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակը յոբելեանն է նաեւ հայ մամուլին: 80 տարի շարունակ եւ անընդհատ թերթի հրատարակութիւնը յաղթական տօն է հայ մամուլի կարեւոր մէկ ներկայացուցիչին համար, որ ահաւասիկ տասնամեակներէ ի վեր պատուով կը կատարէ իր առաքելութիւնը:
Համայնքային, սփիւռքեան, հայաստանեան իրադարձութիւններու ճիշդ, առարկայական լուսաբանումը եւ անոնց համապատասխան նկատառելի վերլուծականները յատկապէս տարածաշրջանային հարթութիւններու վրայ «Ալիք»ին ապահոված են առանձնապէս յատկանշուելու եւ այդ ուղղութեամբ հաւաստի սկզբնաղբիւրի վերածուելու հանգամանք:
Իսկ հաւաստիութիւնը այսօր ընդհանրապէս լրագրական դաշտի մէջ փնտռուած արժէք է, որուն կ՛ուզեն կառչած մնալ այս ոլորտին նուիրուած եւ մամուլի առաքելութեան հաւատացող խմբագիրները եւ մամլոյ աշխատակիցները:
«Ալիք»ը գաղափարական առանցքային գիծի պահպանման առընթեր յաջողած է պահպանել պատասխանատու մամուլի հաւաստիութեան գիծը եւ իբրեւ այդպիսին մեծ ներդրում ապահոված հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ մամուլին վերապահուած դերակատարութեամբ:
«Ազդակ»ի ընտանիքին անունով կը շնորհաւորենք մեր պաշտօնակից «Ալիք»ը` մաղթելով յարատեւ վերելք, արդիւնաւէտ առաքելութիւն եւ ընթերցող նոր զանգուածներու նուաճում: