ԱՊՈՒՃԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՇԷՆՔԸ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒԵՑԱՒ
Ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը ցնցեց Նիկերիոյ մայրաքաղաք Ապուճայի մէջ ՄԱԿ-ի շէնքը` պատճառելով 10 զոհ եւ 60 վիրաւոր:
Նիկերիոյ մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնատար մը «Պի. Պի. Սի.»ին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը անցեալ ամիս ստացած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, իսլամական Պոքօ Հարամ կազմակերպութեան կողմէ կրնայ յարձակումի ենթարկուիլ:
Նիկերիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիոլա Օնուլիրի «Պի. Պի. Սի.»ին յայտնեց, որ «ասիկա Նիկերիոյ դէմ յարձակում մը չէ, այլ` միջազգային համայնքին դէմ»:
CATEGORIES Միջազգային