«ԻՐԵՆ» ՔԱՐԱՅԻՊԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ 3 ԶՈՀ ՊԱՏՃԱՌԵՑ. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ
«Իրեն» փոթորիկը հարուածեց Պահամասը եւ ներկայիս կ՛ուղղուի դէպի Նիւ Եորք: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ծովեզերեայ շրջանները կը գտնուին «Իրեն»ի հաւանական ուղիին վրայ: Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկ քաղաքի որոշ շրջաններու բնակչութեան թելադրեց աւելի բարձր տեղեր փոխադրուիլ:
«Նիւ Եորքի բնակիչները պէտք է պատրաստուին հիմնական սննդամթերք ապահովելով եւ պայուսակ մը պատրաստեն, որ մետասաներորդ պահուն կարենան իրենց հետ տանիլ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ իրենց բնակարաններէն հեռանալ», ըսաւ ան:
Երրորդ աստիճանի ուժգնութեամբ «Իրեն» փոթորիկը Քարայիպիան շրջանին մէջ ողողումներ յառաջացնելով երեք զոհ պատճառեց:
Մինչ քաղաքացիները աւելի ապահով վայրեր կը փոխադրուին, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Վըրճինիոյ, Մերիլենտի, Տելաուերի, Նիւ Ճըրզիի, Քոնեքթիքըթի եւ Նիւ Եորքի կառավարիչները արտակարգ դրութիւն յայտարարած են:
Կը նախատեսուի, որ փոթորիկը այսօր հասնի Հիւսիսային Քարոլայնա: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ երկրաշարժ մը ցնցեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ծովեզերեայ շրջանը: