ՇԷՅԽ ՀԱՄԱՏ. «ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏՈՒԵՑԱՒ»
«ԵԹԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՍՏԻՊՈՒԻՆՔ,
ԱՊԱ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻՆՔ»
Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ եթէ Անգարա Սուրիոյ վարչակարգին եւ ժողովուրդին միջեւ ընտրանք մը կատարելու ստիպուի, ապա ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնի:
«Եթէ ստիպուինք Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ընտրանք մը կատարելու, ապա պիտի ընտրենք ժողովուրդը, որովհետեւ այն, ինչ որ մեզի համար մնայուն է` սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութիւնն է», ըսաւ Տաւութօղլու` նշելով, որ «մեր դիրքը ընտրեցինք, եւ մենք սուրիացի ժողովուրդին կողքին ենք ու պիտի շարունակենք անոր կողքին ըլլալ, եթէ վարչակարգը շարունակէ իր ժողովուրդը բռնի ճնշումի ենթարկել»:
Միւս կողմէ, Քաթարի իշխան Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութեանց յայտնեց, որ «ապահովական լուծումին ձախողութիւնը փաստուեցաւ, եւ սուրիացի ժողովուրդը, որ փոփոխութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն պահանջելով ժողովրդային քաղաքացիական իսկական ըմբոստութեան դուրս եկաւ, կը թուի, թէ իր վճարած գինէն ետք իր պահանջներէն պիտի չհրաժարի»:
Ան աւելցուց, որ «մենք, որ Սուրիոյ դժուար կացութիւններուն ընթացքին անոր կողքին կանգնեցանք, բոլորս փորձեցինք Սուրիոյ մէջ մեր եղբայրները բարեփոխութեան իսկական քայլեր առնելու քաջալերել»: Իշխանը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համապատասխանող փոփոխութեան կարեւորութեան համոզուի, «եւ մենք պէտք է այդպիսի որոշում մը տալու առնչութեամբ օգնենք զիրենք»:
Քաթարի իշխանը հինգշաբթի գիշեր Թեհրան այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ` անոր հետ քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրները շահագրգռող շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իշխանը ընդգծեց, որ «շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ հարցերուն լուծման զօրավիգ կանգնելու համար համապարփակ եւ համակարգուած ուղղուածութիւն մը պէտք է որդեգրել եւ օտար ուժերու միջամտութեան արգելք հանդիսանալ»: Ահմատինեժատ իր կարգին Իրանի եւ Քաթարի զարգացող եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն նկատմամբ գոհունակութիւն յայտնած է` յայտնելով, որ Տոհա եւ Թեհրան շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու նկատմամբ հասարակաց կեցուածքներ ունին:
Ահմատինեժատ յայտնած է, որ շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ հարցերը պէտք է առնչակից երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութեամբ լուծուին` «արեւմուտքցիներու միջամտութիւններէն հեռու»:
Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը քննադատած է «շրջանի երկիրներուն ներքին հարցերուն արեւմտեան երկիրներուն եւ օտար ուժերուն անարդարանալի միջամտութիւնը»: Ան նաեւ շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման մէջ Իրանի դերին եւ կշիռին ակնարկած է:
«Շրջանի երկիրներուն համագործակցութիւնը արգելք կը հանդիսանայ օտար ուժերու միջամտութեան, ինչպէս նաեւ կը կանխարգիլէ պառակտումը եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ ապահովութեան եւ բարգաւաճման», ըսած է Քաթարի իշխանը: