ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍ ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
75 տարեկան հասակին մահացած է լրագրող-հրապարակախօս, թարգմանիչ Արմէն Յովհաննիսեան:
Անոր աւանդը մեծ է հայրենի լրագրութեան նոր շրջանի զարգացման գործին մէջ: Իբրեւ բարձրաճաշակ երաժշտասէր` ան երաժշտական արուեստին նկատմամբ սէր կը ներշնչէր պատկերասփիւռ դիտողներուն` ստիպելով անհամբեր սպասել իր հաղորդումներուն:
Արմէն Յովհաննիսեան երկար տարիներ աշխատած է Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան մէջ, շարք մը պատկերասփիւռային հաղորդումներու հեղինակ էր: Ան բազմաթիւ «պատմական» որակուած հրապարակախօսութիւններու հեղինակ է:
CATEGORIES Հայկական