«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ»

Լուսին Գաբրիէլեան

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ  տօնին նուիրուած 4-րդ արարողաշարքը տեղի ունեցաւ 10 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցիին մէջ:

Բացումը կատարեց Մուրատ Չորպաճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց օրուան բանախօս մանրանկարչուհի Լուսին Գաբրիէլեան:

Ներկայացուած  նիւթը, իր իմաստով, ոճով եւ ներկայացուած ձեւով նորութիւն ըլլալով` ի մի բերած էր թիւով շատ հաւատացեալներ եւ հետաքրքրասէրներ:

Մանրանկարչուհին բացատրեց եւ պաստառով ցուցադրեց օրուան նիւթին մանրամասնութիւնները: Ան խօսեցաւ Աստուածամօր ժողովուրդին ծանօթ եւ յայտնի սրբապատկերներուն մասին` ցոյց տալով բիւզանդական եւ հայկական տարբերակները, որոնց ընդմէջէն լուսաբանական միջամտութիւններ կատարելէ ետք կեդրոնացաւ հայկական սրբապատկերներուն եւ մանրանկարներուն վրայ:

Բանախօսը ներկաներուն ներկայացուց հին հայկական ձեռագիրներու մէջ տեղ գտած եւ ըստ այնմ արժեւորուած Ս. Աստուածածնի պատկերներ: Ան բացատրեց տարբերութիւնն ու կիրառական մօտեցումը սրբապատկերի, որմնանկարչութեան եւ մանրանկարչութեան միջեւ կեդրոնանալով «Աստուածամայրը գահին վրայ» սրբապատկերի խորհդանշական իմաստին ու գործը ստեղծող անյայտ արուեստագէտի նկարելաձեւին ու հայկական ոճին վրայ, որ ինքնին ստեղծած է զուտ հայ-ազգային դիմագիծով ու արտայայտութեամբ ցայտուն պատկեր մը: Ան նշեց, թէ` «Հայ վանականին, կամ արուետագէտին իւրայատուկ մօտեցման պատճառով Աստուածամօր սրբապատկերը կարելի է վերանուանել Աստուածամօր հայկական սրբապատկեր անունով»:

«Աստուածամայրը գահին վրայ» սրբապատկերը, որ կը կարծուի, թէ ստեղծուած է 1823-ին, Ազգ. առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ տպագրուած ու ներկաներուն բաժնուած էր այս առիթով: Պատկերը, իր մեծկակ չափերով, տուներու պատէն կախուած հայկական զարդերէն մէկը դարձնելը  բաժանմունքին նպատակներէն մէկն է, որ Լիբանանի Հայոց թեմի  առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանի «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսէն բխած միտքը կը հետապնդէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Share this Article
CATEGORIES