ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ. ԿՈՐԻՒՆ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կորիւն Սողոմոնեան

49 քկ դասակարգին մէջ Կորիւն Սողոմոնեան նուաճեց բռնցքամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան տիտղոսը: Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ տեղի ունեցան եզրափակիչ մրցումները: Ռուս Կապիլ Մամետովի հետ մրցումը Սողոմոնեան աւարտեց 13-13 հաշիւով: Յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ բռնցքամարտիկին:

49 քկ դասակարգին մէջ պարգեւատրումի այս արարողութիւնը առաջինն էր եւ հայկական Եռագոյնը առաջինն էր, որ բարձրացաւ Տապլինի «Սիթիուեսթ» մարզասրահին մէջ:

Միւս կողմէ, պրոնզէ մետալով Հայաստան պիտի վերադառնայ Գոռ Երիցեան (60 քկ):

Share this Article
CATEGORIES