ԴԵՍՊԱՆ ՌԻՔԱՐՏՈՆԷ Ի ՎԵՐՋՈՅ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՉԻ ԳՈՐԾԵՐ

Թուրքիոյ կողմէ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու սրբապղծութիւնը եւ ոչնչացումը քօղարկելուն համար սուր քննադատութեան ենթարկուելէն ետք, նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակուած Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ նախորդ շաբաթ ինքիրեն հակասեց ընդունելով այն փաստը, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուական գործող եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօր չի գործեր:

Դեսպան Ռիքարտոնէ հերքեց վերջերս տարածուած թրքական ապատեղեկատուութիւնը, գիտակցելէ ետք, որ իր թեկնածութիւնը վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով կրնար մերժուիլ ծերակուտականներու կողմէ:

Մէկ տարի առաջ, երբ նախագահ Օպամա, Ռիքարտոնէն Թուրքիոյ մօտ դեսպան նշանակեց, ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք (Հ.-Քենսաս) «կասեցում» դրաւ անոր թեկնածութեան դիմաց` մեղադրելով թեկնածուն նախագահ Մուպարաքի բռնապետական վարչակարգին նկատմամբ, շատ դրական վերաբերում ունենալու յանցանքով` Եգիպտոսի մէջ իր ծառայութեան ժամանակ: Այնուհետեւ, Օպամա շրջանցեց ծերակոյտին կողմէ հաստատման գործընթացը եւ զայն նշանակեց Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, երբ քոնկրեսը արձակուրդի մէջ էր: Եթէ մինչեւ տարեվերջ ծերակոյտը չհաստատէ Ռիքարտոնէի թեկնածութիւնը, ապա անոր լիազօրութիւնները կը դադարեցուին, եւ ան ստիպուած կ՛ըլլայ վերադառնալ Ուաշինկթըն:

Օգոստոս 2-ին, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ելոյթի ընթացքին, դեսպան Ռիքարտոնէ շարունակ կ՛արդարացնէր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գործադրուող ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը` այս անգամ հանդէս գալով իբրեւ մէկ այլ բռնատիրական վարչակարգի խօսնակ:

Դեսպան Ռիքարտոնէ ինքզինք աւելի վատ կացութեան մէջ ձգեց, երբ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ.-Նիւ Ճըրզի) գրաւոր հարցումներուն առ ի պատասխան կեղծ յայտարարութիւն մը ըրաւ, այն մասին, թէ մինչեւ 1915 թուական, Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօ՛ր ալ կը գործէ:

Դեսպանին այս սուտը մեծ աղմուկ բարձրացուց ամերիկահայ համայնքին մէջ: Կրօնական առաջնորդները` զայրացած, նամակներ ուղարկեցին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, սուր կերպով քննադատելով Ռիքարտոնէի կեղծ յայտարարութիւնը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պահանջեց, որ ան հերքէ, սրբագրէ իր կեղծ յայտարարութիւնը եւ ներողութիւն հայցէ ատոր համար: Նախորդ շաբթուան յօդուածիս մէջ, ես կոչ ուղղեցի ծերակուտականներուն` մերժելու անոր թեկնածութիւնը:

Մտահոգուելով, որ իր (նշանակման) հաստատումը լրջօրէն վտանգուած է` դեսպան Ռիքարտոնէ նախորդ շաբաթ հանդէս եկաւ մէկ նոր յայտարարութեամբ` մասնաւորապէս հակասելով իր նախորդ սխալ յայտարարութիւնը:

Ահա այն հարցումը, զոր ծերակուտական Մենենտեզ ուղղած էր.

«Ձեր կարծիքով, աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն որո՞նք գործած են մինչեւ 1915 թուական այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին, մօտաւորապէս քանի՞ հատը տակաւին այսօր կը գործէ իբրեւ եկեղեցի»:

Դեսպան Ռիքարտոնէի առաջին պատասխանը. «Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը տակաւին կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցիներէն մաս մը վերածուած է թանգարանի: Միւսները կա՛մ կարելի չէ վերանորոգել, կա՛մ վերածուած են մզկիթներու` չօգտագործուելու պատճառով»:

Դեսպան Ռիքարտոնէի նոր պատասխանը. «Ձեր արտօնութեամբ, ես կ՛ուզէի յստակացնել իմ կողմէ ըսուածը եւ ուղղել զայն: Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը այլեւս չի գործեր որպէս եկեղեցի: Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքին ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ 1915 թուականին եւ մինչ այդ գործած 200-250 եկեղեցիներու մէջ քրիստոնեաները կրնան Ս. պատարագ մատուցել, առնուազն տարին մէկ անգամ: Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ անոնք չեն կրնար Ս. պատարագ մատուցել ամէն շաբաթ, ինչ որ պայմանաւորուած է հոգեւորականներու բացակայութեամբ եւ տեղւոյն քրիստոնէական փոքրաթիւ բնակչութեամբ: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող որոշ եկեղեցիներ կը գործեն իբրեւ թանգարաններ, իսկ միւսները` կա՛մ վերածուած են մզկիթներու, կա՛մ կ՛օգտագործուին այլ նպատակով: Ուրիշներ ալ կա՛մ չեն վերանորոգուիր, կամ կրնայ ըլլալ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են»:

Թէեւ դեսպան Ռիքարտոնէի նոր պատասխանը որոշ չափով աւելի ճշգրիտ է, այնուամենայնիւ, ատիկա տակաւին չի բացայայտեր ամբողջ ճշմարտութիւնը: Ահա՛ թէ ինչու.

– Անոր կողմէ նշուած «Թուրքիոյ մէջ գործող 200-250 եկեղեցիներ»ուն թիւը չափազանցուած է:

– Անոր յայտարարութիւնը, թէ` «Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ չեն կրնար Ս. պատարագ մատուցել ամէն շաբաթ, ինչ որ պայմանաւորուած է հոգեւորականներու բացակայութեամբ եւ տեղւոյն քրիստոնէական փոքրաթիւ բնակչութեամբ», մոլորեցուցիչ է: Իրականութիւնը այն է, որ բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ կարելի չէ Ս. պատարագ մատուցել, որովհետեւ անոնք վերածուած են մզկիթներու, թանգարաններու, ախոռներու կամ պահեստներու, եթէ պարզապէս` չեն ոչնչացուած արդէն:

Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւելի քան 4000 քրիստոնէական եկեղեցիներ գործած են Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915:

– Աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցի` բոլոր յարանուանութիւններուն պատկանող (շուրջ 2000 հայ առաքելական եկեղեցի, 200 հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ 150 հայ աւետարանական եկեղեցի).

– Աւելի քան 2000 յունական ուղղափառ եկեղեցի.

– Աւելի քան 100 ասորական եկեղեցի.

– Պուլկարական, ռուսական, վրացական եւ ղպտի քանի մը եկեղեցի:

Այս 4000 եկեղեցիներէն միայն 178 եկեղեցի (5 առ հարիւրէն նուազ) տակաւին կը գործէ այսօր Թուրքիոյ մէջ. անոնք հիմնականին մէջ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ:

– 52 հայկական եկեղեցի. անոնցմէ 40-ը կը պատկանի Հայոց պատրիարքութեան (34-ը` Պոլիս, 6-ը` այլ շրջաններու մէջ). Պոլսոյ մէջ երկու հայ աւետարանական եկեղեցիներ եւ տասը հատ հայ կաթողիկէ եկեղեցի.

– 87 յունական ուղղափառ եկեղեցի (74-ը` Պոլիս, 13-ը` այլ շրջաններ).

– 20 հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցի (12-ը` Պոլիս, 8-ն` այլ շրջաններ).

– 14 ասորական եկեղեցի.

– Այլ յարանուանութիւններու 5 եկեղեցի:

Դատապարտելի է Օսմանեան իշխանութիւններուն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ քրիստոնէական հազարաւոր եկեղեցիներու ոչնչացումը մեղմացնելու դեսպան Ռիքարտոնէի ամօթալի փորձը: Նկատի ունենալով այս եւ բազմաթիւ այլ հարցերու առնչութեամբ անոր կեղծ եւ խուսափողական պատասխանները` զայն պէտք չէ արտօնել` Միացեալ Նահանգները ներկայացնել Թուրքիոյ մօտ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES