ԻԶԱՊԵԼԼԱ ԵԱՅԼԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Լեհաստանի Չեխանով քաղաքին մէջ ընթացող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան աղջիկներու մրցաշարքին 53 քկ կշիռքով Հայաստանի ծանրաբարձ Իզապելլա Եայլեան, երկամարտին ցոյց տալով 170 քկ արդիւնք, նուաճած է ախոյեանի կոչումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»ը:
2-րդ տեղը զբաղեցուցած է Տարիա Ցեթելեան Պիելոռուսիայէն 168 քկ, պրոնզէ մետալը նուաճած է ռուս մարզիկ Սուետլանա Երշովան` 156 քկ արդիւնքով
Ի. Եայլեանի յաղթանակը Հայաստանի ծանրաբարձներու առաջին յաղթանակն է այս մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական


