«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ ՀՐԹԻՌ ԱՐՁԱԿՈՂՆԵՐԸ ՀԱՄԱՍԷՆ ԱՅԼ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐԱՔ

Էհուտ Պարաք

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Համաս շարժումը «ներկայիս Իսրայէլի վրայ հրթիռներ չ՛արձակեր. արձակողները այլ կազմակերպութեանց անդամ անհատներ են, սակայն Իսրայէլ Համասը Կազայի մէջ տեղի ունեցած բոլոր դէպքերուն պատասխանատու կը նկատէ»:

Ան յոյս յայտնեց, որ կացութիւնը հանդարտի եւ հրթիռարձակումը ամբողջովին դադրի, «սակայն կարելի չէ ատկէ վստահ ըլլալ»: Պարաք աւելցուց, որ «եթէ պէտք ըլլայ, ապա Իսրայէլ դարձեալ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի գործէ»:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հինգշաբթի օրուան իր թիւին մէջ գրած էր, որ հակառակ Էյլաթի յարձակումներուն վրայ մէկ շաբաթ անցնելուն, սպաննուած զինեալներուն համար Կազայի մէջ ցաւակցական ընդունելութիւն տեղի չ՛ունենար, ինչ որ Կազայի մէջ այն համոզումը կ՛ամրապնդէ, որ հակառակ Իսրայէլի յայտարարած վարկածին, յարձակումը գործողները Կազայէն պաղեստինցիներ չէին:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ եթէ Եգիպտոս Սինայի մէջ իր ուժերուն թիւը բարձրացնել խնդրէ, ինք այդ հարցը պիտի ներկայացնէ քաղաքական եւ ապահովական հարցերով իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին:

 

Share this Article
CATEGORIES