«ԻՐԵՆ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔԸ
Տարիներէ ի վեր Արեւելեան Միացեալ Նահանգները հարուածած ամէնէն ուժգին փոթորիկը` «Իրեն», Նիւ Եորքի վրայ տեղատարափ անձրեւներ պատճառելով ողողումներ յառաջացուց: Ան ժամական 180 քիլոմեթր արագութեամբ կը փչէր:
Նիւ Եորքի փոխադրամիջոցներու համակարգը խափանուեցաւ: 800 քիլոմեթր լայնքով փոթորիկը Նիւ Եորք ուղղուելու ընթացքին 4.5 միլիոն մարդիկ ելեկտրականութենէ զրկեց:
Նախքան փոթորիկին ժամանումը, Նիւ Եորք ամայացած էր: Իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ ծովեզերեայ շրջաններէն 370 հազար մարդիկ հեռացուած են:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Իրեն»ի պատճառած վնասը կրնայ տասնեակ միլիառ տոլարի հասնիլ:
CATEGORIES Միջազգային