ՀԻՒՐՄԻՒԶԼԻՒ. «ՈՐՈՇԵՑԻՆՔ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ԿԱՆԳՆԻԼ». «ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆՍ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻ. ԱՅԺՄ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Սուրիոյ վարչակազմին նկատմամբ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հասած է հանգրուանի մը, ուր բարեփոխումները այլեւս անբաւարար ու ժամանակավրէպ են:

Կիւլ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ «կ՛ըսուի, թէ դէպքերը վերջ գտած են, ապա 17 այլ անձեր կը սպաննուին»: Ան հարց տուած է. «Այսօր քանի՞ զոհ պիտի արձանագրուի»` աւելցնելով, որ «յստակ է, որ հասած ենք կէտի մը, ուր որեւէ բան անբաւարար ու ժամանակավրէպ է. մեր վստահութիւնը կորսնցուցինք»:

Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ գործադրուած բոլոր բարեփոխումները շատ քիչ են, մանաւանդ ապահովական գործողութիւններու շարունակութեան լոյսին տակ»:

Ան նշեց, որ թրքական իշխանութիւնները պահանջած են բարեփոխումները արագացնել, սակայն փոխարէնը բռնարարքներ գործելու աճապարանք ու արագացում նկատած են: «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեսանք, բարեփոխումներու մասին խօսքեր են եւ ոչ թէ գործեր, իսկ գործերը կը հակասեն սուրիական վարչակարգին խօսքերուն», նշեց ան:

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը ընդգծեց, որ «եթէ Թուրքիա վարչակարգին եւ ժողովուրդին միջեւ ընտրանք կատարելու առջեւ կանգնի, ապա ժողովուրդը պիտի ընտրէ», ապա աւելցուց, որ «այն, ինչ որ մեզ կը մղէ ընտրելու` դէպքերու արագացումն է, որ մեզ կը ստիպէ ընտրանք կատարել, եւ մենք սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնիլ ընտրեցինք, իսկ հիմա լուծումը սուրիացի ժողովուրդին ձեռքն է եւ ան իր ճակատագիրը պէտք է որոշէ: Սուրիական ազգային ուժերը պէտք է միասնակամ ըլլան. այն ատեն բոլոր ուժերը իրենց կողքին պիտի գտնեն»:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Անգարա սուրիական կողմին հետ երկխօսութեան բոլոր ձեւերը դադրեցուցած է: Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը օրաթերթին նշած է, որ իր երկիրը «վարչակարգէն յոյսը կը կտրէ, եւ հարցը այժմ սուրիացի ժողովուրդին ձեռքն է»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ քաղաքական եւ ֆինանսական պատժամիջոցներու ճամբով ճնշում բանեցնել Սուրիոյ վրայ, սակայն բացառեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մը կարելիութիւնը: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի ՕԹԱՆ-ի ուժերը զգուշացուցած է Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու հետեւանքներէն` յայտնելով, որ եթէ այդպիսի բան մը պատահի, ապա ՕԹԱՆ «պիտի ընկղմի ճահիճի մը մէջ, որմէ երբեք դուրս պիտի չկարենայ ելլել»:

Սալեհի շաբաթ օր իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իր ժողովուրդին օրինական պահանջները բաւարարէ եւ ցուցարարներուն հետ լայնասրտութեամբ ու ճկունութեամբ վարուի:

Պատասխանելով Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ տարակարծութեանց մասին հարցումի մը` Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ «Թեհրանի մէջ թուրքերուն հետ լաւ քննարկում կատարեցինք, եւ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, մեր աչքին առջեւ դրինք շարք մը սկզբունքներ: Առաջինը` Սուրիոյ, ներքին հարցերուն օտար միջամտութիւնը արգիլելը, որպէսզի սուրիական կացութեան որեւէ չարաշահում կանխարգիլենք: Երկրորդը` Պաշշար Ասատ պէտք է իր ժողովուրդին պահանջները բաւարարէ, իսկ մենք պէտք է անոր վարչակարգին զօրավիգ կանգնինք(®): Երրորդը` սուրիական վարչակարգը ժողովուրդին պահանջներուն հետ զգուշութեամբ պէտք է վարուի եւ աւելի մեծ լայնասրտութիւն ցուցաբերէ»:

Ան աւելցուցած է, որ «Թուրքիա, Իրան եւ Սուրիա մէկ ընտանիք կը նկատուին, եւ պէտք է այսպիսի հարցերու մէջ իրարու զօրավիգ կանգնինք ու չարտօնենք ասոնց (զինեալ տարրերու)  նման անձերու սահմանը հատելը: Մենք տեղեկութիւններ ստացանք, որ կարգ մը անհատներ թրքական սահմանին ճամբով սուրիական հողամասեր մուտք կը գործեն, զէնքի մաքսանենգում կը կատարեն, սուրիացի քաղաքացիներ կը սպաննեն, ապա սուրիական կառավարութիւնը կ՛ամբաստանեն այդ ջարդերը գործելու յանցանքով` այս ամբողջ քաոսը ստեղծելու համար»:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկան շաբաթ գիշեր արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով արտակարգ նիստի մը աւարտին որոշեց իր ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ երէկ արաբ նախարարներու պատուիրակութիւն մը ուղարկել Դամասկոս` Սուրիոյ տագնապին հարցով արաբական նախաձեռնութիւն մը սուրիական ղեկավարութեան ներկայացնելու համար: Սակայն Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պատուիրակը, որ նշեալ ժողովին ընթացքին Սուրիան ներկայացուցած էր, լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին ճամբով հերքեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի Դամասկոս այցելութեան լուրը:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Եոմ Սապեհ»ին յայտնեցին, որ Սուրիա երէկ առաւօտեան Արաբական լիկայի հաղորդագրութեան դէմ բողոքագիր մը ներկայացուցած է: Դամասկոս բողոքած է լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկագիրին հրապարակման դէմ, որովհետեւ լիկայի դռնփակ նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է անոր բովանդակութիւնը չհրապարակելու:

Մինչ այդ, նախագահ Ասատ հրապարակեց մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ հրամանագիր մը, ըստ որուն, երկրին մէջ գործող պետական եւ անձնական, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու վրայ տարածուող պետական գրաքննութիւնն ու վերահսկողութիւնը կը վերցուի:

Նշենք, որ ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտնած է, որ ռուս կարեւոր պատուիրակ մը այսօր Դամասկոս պիտի այցելէ: Դիւանագիտական աղբիւրներ «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ»ին նշած են, որ այդ պատուիրակը կրնայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը ըլլալ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES