ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ Կ՛ԱՃԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2011-ի առաջին կիսամեակին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է աւելի քան 3000 օտարերկրեայ քաղաքացիներ: Այս թիւը 49 առ հարիւրով կը գերազանցէ 2010-ի նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած տեղեկատուութեան մէջ կը նշուի, որ հակառակ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դրած խոչընդոտներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած օտարերկրացիները անբաղձալի անձ յայտարարելուն` աշխարհի մէջ կ՛աճի Արցախի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: 2010-ի առաջին կիսամեակին, անոր նախորդող տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ, նոյնպէս արձանագրուած էր զբօսաշրջիկներու թիւի էական` 45 առ հարիւրնոց աճ:

Արցախ այցելողներու շարքին կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Քանատայի, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ-ի այլ երկիրներու քաղաքացիներ: Կը շարունակուի ընդլայնիլ այցելուներու աշխարհագրութիւնը: Վերջին շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աւելի յաճախակի կ՛այցելեն զբօսաշրջիկներ Ճափոնէն, Չինաստանէն, Սինկափուրէն, Պրազիլէն, Վենեզուելայէն, Նոր Զելանտայէն, Հնդկաստանէն, Փղոսկրեայ Ափունքէն եւ այլ երկիրներէ:

Զբօսաշրջիկները կը հրապուրուին ոչ միայն հնագոյն պատմական յուշարձաններով, շքեղ բնութեամբ, գեղատեսիլ կիրճերով, առողջ     , հանքային եւ տաք աղբիւրներով, այլեւ արցախցիներու բարեացակամութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ արցախեան ինքնատիպ խոհանոցով:

Հիւրերը կ՛այցելեն Գանձասարի, Ամարասի, Դադիվանքի վանական համալիրներ, հնագոյն քաղաք Տիգրանակերտի պեղումներու գօտի, Ազոխի քարանձաւ, հայ ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն Նիկոլ Դումանի թանգարան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հին հայկական ամրոցներ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման զգալիօրէն պիտի նպաստէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը: Բայց տակաւին որոշակի ժամկէտներ չկան, թէ այդ օդակայանը ե՛րբ պիտի սկսի գործելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES