ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՏԵԱՆԻ 7-ՐԴ ՆԻՍՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒՄ

Նիստէն պահ մը

26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի 7-րդ նիստը, որուն օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին հինգ հարցեր:

Հերթական նիստը քննեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 2012-ի «Մեր մեծերը» ծրագիրին վերաբերող հարցը: Առաջարկուած 11 թեկնածուներէն 2012-ի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ հաստատուեցան` Յովսէփ Օրբելին (125-ամեակ), Սայեաթ Նովան (300-ամեակ), Գառզուն` Գառնիկ Զուլամեան (105-ամեակ) եւ Յովհաննէս Բաղրամեանը (115-ամեակ):

Հայաստանի մէջ բնակող իրաքահայերու համարկման ուղղուած աշխատանքներուն ընթացքին մասին զեկուցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Ա. Դումանեան: Վերջինս ներկայացուց հայրենիքի մէջ բնակող իրաքահայերու խնդիրները, այս ուղղութիւններով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները եւ կատարուած աշխատանքները:

Օրակարգի երրորդ հարցը կ՛առնչուէր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան հաշուետուութեան: Զեկուցող Հ. Ասլանեան ներկայացուց այն բոլոր ծրագիրները, զորս կ՛իրականացնէ Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը:

Օրակարգի չորրորդ հարցը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան հաշուետուութիւնը, ներկայացուց տեղեկատուական-վերլուծական բաժանմունքի պետ Ն. Նալբանդեան:

Ընթացիկ հարցերու ծիրին մէջ նախարարութեան աշխատակազմի Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Ա. Եղիազարեան ատեանի անդամներուն ներկայացուց 19-20 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովի ծրագիրը:

Ներկայացուած բոլոր հարցերուն շուրջ քննարկումներ տեղի ունեցան եւ տրուեցան յանձնարարականներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES