ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐ

Համազգայինի գրախանութին մէջ, 15 մարտէն 1 ապրիլ 2011-ին կազմակերպուած են լիբանանահայ գրողներու նոր հրատարակութիւններու մակագրութիւններ:

Այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ այս ծրագիրը կ՛առաջադրէ, գրականութեան ու գիրքերու միջավայրի մէջ,  հեղինակ – ընթերցող կապի այլ միջոց մը ստեղծել եւ անշուշտ գրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ծաւալել: Այս առաքելութեան համար նաեւ, անցնող տարեշրջանին ամբողջական նորոգութիւններու ենթարկուեցաւ գրախանութը` հոն ստեղծելով նման հանդիպումներու յարմարաւէտ միջավայր: Ան աւելցուց, որ գրախանութը այս իմաստով պէտք է դառնայ նաեւ մտաւորականներու ժամադրավայր, որպէսզի անոնց ներկայութիւնը դառնայ  վարակիչ` հանրութեան համար: Ընթերցողը առիթ պիտի ունենայ այցելելու գրախանութ եւ զրուցելու հեղինակին հետ: Հրատարակուած կարգ մը գիրքերը արդէն գրախօսականներով ներկայացուած են հանրութեան, իսկ այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ յիշեցնել բոլորին, որ հեղինակի կողքին գրականութիւնը ապրեցնելու համալրող անհրաժեշտ գործօն է նաեւ ընթերցող անհատը:

Այս օրերուն, ամէն կողմ եւ ամէն վայրկեան անդրադարձ կայ ընթերցանութեան նահանջի երեւոյթին: Ախտաճանաչումներ կատարելով եւ այդքանով բաւարարուելով կարելի չէ կացութեան բարեփոխման մէջ դերակատար դառնալ: Հայ գիրքը պէտք է մուտք գործէ հայ տուներուն մէջ, որպէսզի այդ մէկը նոր մղում տայ մտաւորականութեան` իր ստեղծագործական աշխարհը ընդարձակելու եւ շարունակելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Յ. Հաւաթեան աւելցուց, որ ի պատիւ մեկենասներու, այսօր կարելի կը դառնայ գիրքերու հրատարակութեան աշխատանքը, սակայն հրատարակուած գիրքը դուրս պէտք է գայ գրադարաններէն ու այդտեղ արծարծուած միտքերը պէտք է դառնան քննարկումի առարկայ եւ մեր հոգեմտաւոր պաշարը հարստացնող օղակ:

Յայտնենք, որ առաջին հանգրուանով յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին իրենց նոր հրատարակութիւնները յաջորդաբար պիտի մակագրեն Հրայր Ճեպեճեան` այսօր` 15 մարտին, Պօղոս Սնապեան` 18 մարտին, Յակոբ Պալեան` 21 մարտին, Երուանդ Քասունի` 22 մարտին, Ճորճ Աբէլեան` 25 մարտին, Շահանդուխտ` 29 մարտին եւ Պարոյր Աղպաշեան` 1 ապրիլին: Մակագրութիւնները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 4:00-6:00: Այս առիթով, քաջալերելու համար ընթերցողները, գրախանութը յատուկ զեղչեր պիտի տրամադրէ գրական բոլոր հրատարակութիւններուն վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES