50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 16 ՄԱՐՏ 1961 )

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մեզի ղրկուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, որ Հայ աւետարանական քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան հովանաւորութեամբ, մարտ 21-23 տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլի ցուցահանդէս մը` կազմակերպութեամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 21 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Այս առիթով դասախօսութիւն մը պիտի տրուի «Հայ մամուլի պատմութիւնը» նիւթին շուրջ:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ հայ առաջին թերթէն մինչեւ հիմա լոյս տեսնող թերթերը (1794-1961): Ցուցադրութեան պիտի դրուին` օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, պարբերաթերթեր եւ տարեգիրքեր (ձեռագիր, խմորատիպ, վիմատիպ եւ տպագիր):

Փափաքելի է, որ հայ հասարակութիւնը այցելէ այս ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են բոլոր թերթերը, անխտիր:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ «13 ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ»
ՊՐՈՏՈՒԷՅԻ ՎՐԱՅ

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան, կը գրէ.-

Ամերիկայի բոլոր քաղաքներու մէջ հեռանկարի կայանները «ոմնիպըս» յայտագրի վրայ մէկ ժամ ցուցադրեցին Ուիլիըմ Սարոյեանի մէկ թատրերգութիւնը, ինչպէս որ գրած էր քսան տարի առաջ ու կամ ինչպէս պիտի գրէր, եթէ գրած ըլլար այսօր:

Ուիլիըմ սարոյեան ինք բացատրեց իւրաքանչիւր խաղը` տալով իր փիլիսոփայական (նախաբանը) կեանքի իմաստը, մահ ու կրկին մահ եւ կեանք, ինքնատիպ Սարոյեանիզմով:

Յայտագիրը կը կոչուի «Նոր թատրերգութիւնը ինչպէս որ կը տեսնէ Ուիլիըմ Սարոյեան»:

Սարոյեան ներկայացուց իր «Տը թայմ օֆ եուր լայֆ», Սամուէլ Պեքըթի «Քրեփս լասթ թէյփ»ը, Իոնեսքոյի «Տը Քիլըրը», երիտասարդ գրագէտ Էտուարտ Ալպիի «Տը Սենա պոքսը»:

 

«ՆԱՒԱՍԱՐԴ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ
ՄԵԾ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» թատերախումբը, նախաձեռնութեամբ Յովհաննու – Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան, շաբաթ, 11 մարտի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ ներկայացուց Հայկազուն Թրթռեանի «Մահ եւ յաղթանակ» (Վարդանանք) պատմական թատերախաղը` ղեկավարութեամբ Արամ Միրաքեանի:

Հայկազուն Թրթռեան լաւ կերպով ուսումնասիրած ըլլալով պատմական այս դրուագին աղբիւրները` թատերախաղը գրի առած էր առարկայական տուեալներու հիման վրայ, ոչ թէ աւանդականօրէն մեզի հասած աղբիւրներու օգտագործումով, ուր արդար բնորոշումով գլխաւոր դերակատար ներկայացուցած էր Վասակը, որովհետեւ ան էր Հայաստանի մարզպանը, հետեւաբար` դէպքերու առաջին պատասխանատուն եւ գլխաւոր դէմքը: Յատկանշական էին Վասակի խօսքերը, ուր մտահոգութիւն կար ժողովուրդի շահերուն եւ անհոգութիւն մը կրօնափոխութեան նկատմամբ: Վարդանին վերապահուած էր կարճ բաժին մը, սակայն ան կրօնի պաշտպանն էր եւ հաւատացողը Հայաստանի յաւերժութեան: Դէնպետին եւ հազարապետին միջեւ ստեղծուած վէճով մը լաւ կերպով ներկայացուած էր հայ ժողովուրդը` գործունեայ, տառապանքի տոկացող եւ հաւատաւոր:

«Մահ եւ յաղթանակ»ին չորս արարները կը նմանէին յաճախ ներկայացուած «Վարդանանք»ներուն, առաւել ըլլալով` իւրաքանչիւր արաբ ունէր ճոխ ընթացք` բացատրութիւն, շարժում, պատկեր: Վերջին արարը, բոլորովին նորութիւն մը, «Վահանեանց» յաղթանակին միացումով: Այս կերպով հեղինակը հաստատած էր` Վասակին մօտ միայն դիւանագիտութիւն, Վարդանի մօտ կրօնական զգացում` ուժի գործածում միանալով «Վահանեանց» տարած էին յաղթանակ մը:

Վասակի դերը լաւ կերպով խաղաց թատերախաղին հեղինակը: Չորս արարներու ընթացքին ալ ան կրցաւ մարմնաւորել դիւանագէտը, պերճախօսը` շարժումներուն իսկ մասնաւոր իմաստներ տալով: Միհրան Քիւրտօղլեան Յազկերտի դերով` հանդարտ, արքայավայել շարժումներով նկատելի էր: Աբգար Միրաքեան բնական էր Ղեւոնդ Երէցի դերով: Միւս դերասաններէն յիշենք գլխաւոր դեր ստանձնողները` Յ. Ղարաբաղլեան, Վ. Ետալեան, Շ. Մալճեան, Յ. Գամակեան, որոնք կրցան իրենք զիրենք արդարացնել բեմին վրայ: Գովելի էր ղեկավար Արամ Միրաքեանի աշխատանքը, որ փորձած էր նոր ուժերով եւ կարելի եղածին չափ նուազ թերիով ներկայանալ հանրութեան:

Յ. Ա. Ս.

Share this Article
CATEGORIES