ՖՐԵՆԺԻԷ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպըրթ Ուաթքինզը` ընկերակցութեամբ անոր քաղաքական խորհրդական Էմանուէլ Պարկի եւ ներկայութեամբ Մարատա հոսանքի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Ռոնի Արայժիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երկրին մէջ արձանագրուող ապահովական իրադարձութիւններն ու ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նպատակով պատրաստուած ծրագիրին վաւերացումը արգելակող խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին հարցերը:
Ֆրենժիէ եւ Ուաթքինզ քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ այդ զարգացումներուն ունենալիք հետեւանքները ամբողջ շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի վրայ: