ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին նախագահեց բանակի Ժունիէի զօրանոցին մէջ կազմակերպուած իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն:
Իֆթարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի գործակցութեան կոչ ուղղեց ապահովական բոլոր կառոյցներուն:
Ռամատանի եւ Ֆիթրի տօնին առիթով զօր. Քահուաժի իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն` մաղթելով նաեւ, որ այդ տօնը օրհնաբեր ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման եւ երկրին համերաշխութեան պահպանումին իմաստով:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ պէտք է արթուն եւ պատրաստ հսկել Լիբանանի ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ երկրին կայունութիւնը խախտող որեւէ քայլի դիմաց թուլամորթ պէտք չէ գտնուիլ:
CATEGORIES Լիբանանեան