ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՔԵՍՐՈՒԱՆ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանեան զանազան շրջաններ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ այցելեց Քեսրուան:
Քեսրուանի մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց շրջանցելու լիբանանեան ազգային կեանքին սպառնացող դժուարութիւնները` ներման միջոցով, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կարգերը եւ ազգային միասնականութեան արժէքները յարգելու ընդմէջէն:
Ռայի պատրիարքը երէկ Պիսքանթայի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի, լիբանանեան պետութեան, անոր վարչակարգին, լիբանանցիներուն եւ պատգամ երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը վերանորոգել, «որովհետեւ Լիբանանը զէնքի, կրակի եւ փտածութեան երկիր չէ, այլ` սրբավայր է եւ սիրոյ ու գործակցութեան երկիր», եզրափակեց ան:

