ՊԸՐՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖԻԹՐԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քարաքուլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամ քաղաքացիները շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով եւ անոնց փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Ան նկատել տուաւ սակայն, որ ինք այս առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` արաբական աշխարհին եւ յատկապէս պաղեստինցի ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն եւ բռնութիւններուն պատճառով:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի նախագահ Քամալ Քարաքուլին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժիի:

Հանդիպումէն ետք Քարաքուլի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` Լիբանանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու իմաստով:

Քարաքուլի մաղթեց, որ Լիբանանի հետ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը հեզասահ ընթանան:

Share this Article
CATEGORIES