ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պէյթէտտինի նախագահական հովոցին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանին կատարած իր այցելութիւնը սովորական այցելութիւն մըն է` աւելցնելով, որ ինք նախագահը հրաւիրած է ընթրիքի մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ Մուխթարայի պալատին մէջ:
Ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք այդ ծրագիրէն տեղեակ չէ եւ յանձնարարեց, որ այդ մասին հարցումները ուղղուին Ազգային պայքարի ճակատի նախարարներուն: