ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ. ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԷՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ…

Երբ հարց տրուի, թէ ինչո՞ւ այսօր պահանջեալ թիւով երիտասարդութիւնը կը բացակայի եկեղեցիէն միշտ ու միշտ կը մեղադրուի գրաբարը, իսկ երբեմն ալ` արարողութեան երկարատեւ ըլլալը: Սակայն հանդիպեցայ այնպիսի երեւոյթի մը, որ կու գայ ըսելու, թէ գրաբարը մեղադրելը լոկ պատճառաբանութիւն է, եւ` ոչ ուիրշ բան:

Առիթով մը հրաւիրուած էի տուն մը, ուր կար եօթը տարեկան աղջնակ մը: Մայրը պատուիրեց աղջնակին, որ իր սորվածները ինծի հետ բաժնեկցի: Եւ այդ ժամանակ ափ ի բերան մնացի, երբ լսեցի այդ փոքրիկ աղջնակը Ս. Ներսէս Շնորհալիին աղօթքները գրաբարով կ՛արտասանէր: Այնքան յստակ եւ բառերը առանց ծամծմելու կ՛աղօթէր, որ շրթներուն վրայ գրաբարը ինչպէս մեղր կը կայլակէր: Այդ աղօթքները ո՛չ դպրոցը սորված էր եւ ո՛չ ալ տունը, այլ` եկեղեցւոյ եւ կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ: Այնքան լսած էր, որ նոյնիսկ քահանային տրուած աղօթքներուն բաժինն ալ գիտէր: Տակաւին, Ս. պատարագի երգեցողութիւնն ալ կենդանի ներկայութիւն էր իր սրտին ու հոգիին մէջ:

Գրաբա՞ր է… ո՛չ, ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ է:

Ահա այս երեւոյթը օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է քրիստոնէական դաստիարակութիւնը: Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեր արժէքներուն եւ ինքնութեան պահպանման ազդակներէն մէկն է: Ան ճամբան հեզասահ դարձնող միջոց մըն է մեզի եւ մեր զաւակներուն համար: Տարին քանի մը առիթներով եկեղեցի յաճախելով` քրիստոնէական դաստիարակութիւն չի ստացուիր: Ինչպէս մարմինը սնունդի, նոյնպէս ալ հոգեկան կառոյցը կարիքը ունի հոգեւոր խաղաղութեան եւ սնունդի: Հետեւաբար հոգեւոր սնունդը տարիք չի ճանչնար: Եկեղեցին իր լայն թեւերով կը գրկէ մեզ ու կը հոգայ մեր հոգեւոր կարիքները: Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար լաւագոյն դարբնոցը ստեղծուած է հայ մանուկին ու պատանիին համար` Կիրակնօրեայ դպրոցներով, ուր հայ մանուկը Աստուծոյ խօսքով ու հոգեպարար շարականներով կը լեցնէ իր հոգին: Հոն հիմը կը դնէ իր բարոյագիտութեան եւ ապագայի կենցաղին: Այդ մանուկները ապագային պիտի դառնան երիտասարդներ եւ պիտի ըլլան մեր ազգին ապագան:

Ինչո՞ւ հայ մանուկները կամ նոյնիսկ մեծերը այդ փոքրիկ աղջկան պէս պիտի չգիտնան գրաբար աղօթքներ արտասանել: Ինչո՞ւ անոնց շրթները պիտի զրկուին գրաբարի քաղցրահամ պտուղէն: Ինչո՞ւ անոնք անգիտակ ըլլան կեանքի խաղաղ նաւահանգիստէն` Հայ եկեղեցիէն:

Վերջապէս, պատասխանատուութիւն մըն է մանուկին հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութիւնը, որ պէտք է եկեղեցւոյ ապահով ձեռքերուն յանձնել…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Դպրեվանք, Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան

 

Share this Article
CATEGORIES