ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԻ ՄԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Արդէն մօտաւորապէս տասը տարի պիտի ըլլայ, որ լիբանանահայութիւնը զրկուած է հայագիտական ամպիոնէ:
Դպրոցները, թերթերը, ձայնասփիւռի կայանները եւ միութիւնները հայագիտական նիւթերով զինուած տղոց պակասը կը զգան, սակայն, բան մը չկայի պէս, ամէն ինչ լուռ ու մունջ կը քալէ:
Այս մէկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` բնական մաշում: Ե՞րբ պիտի զգաստանանք, ե՞րբ պիտի զգանք, որ մարդուժ չէ մնացած, ե՞րբ արժէքը պիտի գիտնանք կորսուած գանձի մը… ոչ ոք գիտէ:
Միայն բեմերէն եւ ժողովներու ընթացքին անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծենք, անյետաձգելիութիւնը կը մատնանշենք: Ո՞վ պիտի առնէ քայլ: Կրնամ յստակ եւ ոչ չափազանցուած պատկեր մը տալ: Մեր թերթերը, խմբագիրները կը տագնապին, մեր դպրոցները հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու նոր սերունդի բացակայութենէ կը տագնապին, ամէնէն նորը քառասուն տարեկան է, ուրիշ խօսքով` տասնհինգ տարի է, որ նոր սերունդ չ՛արտադրուիր հայագիտական մասնագիտութեամբ: Մեր միութիւնները քարտուղարուհի, գործավարուհի ունենալու համար քանի մը ամիս փնտռտուք կ՛ընեն, իսկ եթէ գտնեն, կատարեալը չէ, եղածով կը բաւարարուին: Մեր դպրոցները տնօրէններու տագնապ ունին: Սակայն, այս բոլորին կողքին, մենք տակաւին «Սփիւռքի սիրտ»ն ենք, մենք տակաւին «Բնական հայ մեծցող» գաղութի մը տէրն ենք, մենք տակաւին այսինչ կամ այնինչ ձեռնարկի մը համար մէկ գիշերուան մէջ 100,000 ամերիկեան տոլար կրնանք հաւաքել, սակայն հայագիտական ամպիոն չենք ուզեր կամ չենք փափաքիր ունենալ. ինչո՞ւ` չենք գիտեր…:
Ժամանակը հասած է, որ նախաձեռնութիւն մը ըլլայ, որպէսզի ծրագրուած երկար շունչի վրայ տղաք պատրաստուին կրթական, մշակութային, խմբագրական, վարչական եւ վարչավարական նիւթերու մասնագիտութեամբ, որպէսզի կարենանք մեր գաղութին աւելի մասնագիտացած, լուրջ, խորունկ եւ հեռանկարային վիճակ մը ստեղծել:
Ժամանակը հասած է, որ ձերբազատինք օրը օրին ապրելու քաղաքականութենէն եւ շուկայական, մակերեսային, նիւթապաշտ եւ շահադիտական հաշիւներէ դուրս գալով` նոր, յստակ, կայուն եւ տոկուն քայլ մը առնենք:
Մեր կեանքը օրէ օր նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեզ, եւ մենք այս կամ այն առօրեայ հարցերը լուծելով զբաղած ենք, սերունդներու հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքը միայն տօնակատարութիւններուն կը յիշենք: Մնացածը ձգած ենք հովին:
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ