ՊԱՂԵՍՏԻՆԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑԱԳՐՈՒԻ ՃԱՄԲՈՒ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Իսրայէլի մէջ տեղանուններու վերաբերեալ հետզհետէ աւելի բուռն դարձող վէճը կ՛ընդգծէ շատ աւելի մեծ քաղաքական պայքար մը, կը բացատրէ Պի. Պի. Սի.ի լրագրող Եոլանտ Քնելլ Երուսաղէմէն:

«Դուք ո՞ւր կ՛երթաք», հարցուց բարեկամական, բայց քիչ մը բնականէն աւելի մտերմիկ թուիլ փորձող հրեայ-իսրայէլացի տղայ մը, որ քովս նստած էր Լոնտոնէն եկող օդանաւին մէջ:

«Երուսաղէմի մէջ կ՛աշխատիմ», պատասխանեցի ես:

Անոր ժպիտը անմիջապէս խոժոռեցաւ: «Ատիկա Երուսաղէմ չէ, Երուշալայիմ», ըսաւ ան:

«Ատիկա եբրայերէն է, բայց մենք անգլերէնով Երուսաղէմ կ՛ըսենք», բողոքեցի ես եւ պիտի աւելցնէի քիչ մը չարամտօրէն, թէ իմ պաղեստինցի  ընկերներուս համար ատիկա Քուտս» է, քաղաքին արաբական անունը:

Բայց այդ երկվայրկեանին տղուն փոքր քոյրը նարինջի  հիւթը թափեց իր վրայ: Մեր զրոյցը ընդհատուեցաւ:

Հողը կրնայ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին կիզակէտը, կորիզը ըլլալ, բայց պատմական պատմողականութիւնը վերահսկելու ամէնօրեայ պայքարը շօշափելի ձեւով «կը խաղցուի» լեզուով:

Տեղանունները ամէնէն ակնյայտ օրինակն են:

Եթէ որոշ աջակողմեան իսրայէլացի քաղաքական յայտնի գործիչներուն առիթ տրուի, ապա ապագային ճանապարհային նշանները հոս միայն «Երուշալայիմ» պիտի մատնանշեն:

Իսրայէլացի առաջատար քաղաքական գործիչներ կը պնդեն, որ Երուսաղէմի հրէական ժառանգութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ ճանչցուի եւ ընդունուի:

Նախարարական նոր յանձնախումբ մը այժմ կը քննարկէ բոլոր ցուցանակներուն վրայ աւաններու եւ քաղաքներու միմիայն եբրայական անուանումներուն տառադարձութիւնները ցուցադրելու մասին առաջարկ մը:

Ուժգին ընդդիմութիւն մը կայ Իսրայէլի  բնակչութեան աւելի քան մէկ միլիոն արաբ իսրայէլացիներու, ինչպէս նաեւ Անուններու պետական յանձնախումբի անդամներու կողմէ:

Այս անկախ մասնագէտները պատասխանատու են ընտրելու տեղանունները 1950-ական թուականներէն, իսրայէլեան պետութեան ստեղծումէն ոչ շատ ուշ: Անոնք կը պնդեն, թէ համակարգը փոխելը զբօսաշրջիկները պիտի շփոթեցնէ:

ՀԶՕՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ

Բայց ուրիշներ կը հաւատան, որ քարտէսի ամբողջական հրէականացումը արդէն շատ ուշացած, յապաղած է:

Ցիփի Հոթովլի, 32 տարեկան, Իսրայէլի խորհրդարանին ամէնէն երիտասարդ անդամն է: Լաւ որակաւորում ունեցող փաստաբանուհի մը` կրօնական-աջակողմեան հակումներով, ան նաեւ կը նկատուի գաղափարախօս եւ բարձրացող աստղ մը` վարչապետին Լիքուտ կուսակցութեան մէջ:

Ցիփի Հոթովլի անընդունելի կը նկատէ, որ թէեւ տարիներ առաջ Երուսաղէմի արուարձաններուն եւ մօտակայ շրջաններուն եբրայերէն անուններ տրուած են, սակայն տակաւին արաբերէն բազմաթիւ անուններ կանգուն կը մնան:

Օրինակ, մինչ վարչապետին նստավայրին շուրջը գտնուող փողոցներուն անունները կը կարդացուին կարծես սիոնականութեան այբուբենն ըլլային, շրջապատող վայրը տակաւին կը կոչուի իր բնօրինակ արաբերէն անունով` «Թալպիյա», փոխանակ իրեն տրուած եբրայական «քոմեմիյութ» կամ «Անկախութիւն» անունին:

Նոյնը կարելի է ըսել Պաքահ եւ Մալհա շրջաններուն մասին, որոնց նոր անուններն են Կէօլիմ եւ Սանահաթ:

Պաղեստինցի իսրայէլացիները կ՛ամբաստանեն զիրենք քաղաքէն «ջնջել»ու փորձեր կատարելու յանցանքով:

Տիկին Հոթովլի ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որ կը պահանջէ տարբեր շրջանները ցուցանակներուն, պաշտօնական փաստաթուղթերուն եւ պետական լրատու միջոցներուն մէջ նշել միայն իրենց եբրայական անուններով: Տիկինը ատիկա կը տեսնէ իբրեւ աւելի մեծ ճակատամարտ մը` Երուսաղէմի համար, զոր ե՛ւ պաղեստինցիները, ե՛ւ իսրայէլացիները իրենց մայրաքաղաքը կը նկատեն:

«Անունները շատ հզօր խորհրդանիշներ են», ըսաւ ան ինծի:

Ամէնէն մեծ խնդիրները կը ծագին Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, որ Իսրայէլի կողմէ գրաւուած է 1967-ին եւ տակաւին հիմնականին մէջ արաբական շրջան է, թէեւ հրեայ վերաբնակեցուածները արագօրէն կը շարժին պաղեստինցիներու տուները խլելու համար:

Տիկին Հոթովլի կ՛ուզէ, որ իր տան թաղամասին անուններն ալ փոխուին:

«Արեւելեան Երուսաղէմի մեծագոյն մասը, վայրերը, մեր աստուածաշնչական ժառանգութեան մաս կը կազմեն: Շատ կարեւոր է մշակութային պատմութիւնը գիտնալը: Քաղաքը հիմնադրած է Դաւիթ թագաւոր, եւ մերձակայ բազմաթիւ շրջաններ ծագումով հրէական եղած են», ըսաւ ան:

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄ

Այսպիսի որոշում-վճիռի յայտարարութիւնը շատ մտահոգիչ է Հուտա Իմամի համար, որ պաղեստինցի գործիչ մըն է, ծնած` Արեւելեան Երուսաղէմի Շէյխ Ժարրահ շրջանին մէջ:

Հուտա կ՛ըսէ, թէ ինք արդէն իսկ աւելի եւ աւելի ճամբու նշաններ կը տեսնէ, ուր իր ծննդավայրը կը կոչուի ոչ թէ Շէյխ Ժարրահ, այլ` Շիմոն Հաթսետիք:

Եբրայական անունը կ՛ակնարկէ շիրմաքարի մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ պատկանած է վաղեմի հրեայ քահանայի մը, մինչ արաբերէնը կը պատկանի ԺԲ. դարուն ապրած իսլամ ղեկավար Սալահէտտինի վերաբուժին:

Հուտա կը մատնանշէ ուղենիշները, որոնք կը թելադրեն իր շրջակայքի կենսունակ արաբական պատմութիւնը: Բազմաթիւ նոր ուղենիշներ երանգաւորուեցան կորուստի զգացումով, ինչպէս` Հինտ Հիւսէյնի որբանոց-դպրոցը, Արեւելեան տունը (պաղեստինցի պաշտօնատարներու երբեմնի կեդրոնատեղին) եւ «Շեփըրտ» պանդոկը, որ յունուարին քանդուեցաւ:

Բլուրի լանջին կայ նաեւ կանաչ փեղկերով տունը, զոր կառուցած է Հուտային հայրը, բայց Իսրայէլի իշխանութիւնները զայն գրաւած են եւ ապա ծախած` հրեայ եկուորներու:

Հուտա կը զգայ, որ Իսրայէլ խաղաղ գոյակցութեան յոյսերը կը խորտակէ:

«Չեմ ուզեր ըսել, թէ անոնք կը յաջողին, որովհետեւ ես տակաւին հոս եմ, բայց ատիկա կ՛ոչնչացնէ որեւէ վստահութիւն: Անոնք պաղեստինեան ինքնութեան բոլոր հետքերը կը ջնջեն»:

Բազմաթիւ պաղեստինցիներ եւ քիչ մըն ալ իսրայէլացիներ կան, որոնք կը փորձեն ատոր առաջքը առնել:

Ուրբաթ օրերը անոնք կը կազմակերպեն աղմկոտ ցոյցեր Շէյխ Ժարրահի փողոցներուն մէջ: Յաճախ հրեայ վերաբնակեցուածներու հետ ծեծկռտուք, կռիւ կ՛ըլլայ: Երկու կողմերը կը հաստատեն իրենց մրցակից պահանջները:

Երուսաղէմի եւ բոլոր Սրբազան վայրերուն վրայ իրաւունքի համար շարունակուող պայքարը շատ մը ձեւեր կ՛առնէ:

Share this Article
CATEGORIES