ՃԱՏՐԱԿ. ԷՀՏԵՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
– ՀՐԱՅՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ
– ՀՐԱԿ ԳԼԸՊՈԶԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ
Կիրակի, 28 օգոստոսին, Էհտենի «Պէյթ Ուարտ» ճաշարան-պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի «երկար» օր մը` կազմակերպութեամբ Էհտեն-Զղարթա քաղաքապետութեան եւ հովանաւորութեամբ ու հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:
Ճատրակի «երկար» օր ըսելով կը հասկնանք, որ կէսօրին սկսած այս մրցաշարքը երկարեցաւ մինչեւ ուշ ժամանակ:
Չորս դասակարգով` 10 տարեկանէն վար, 16 տարեկանէն վար, չդասուածներ եւ դասուածներ, տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 70 ճատրակ խաղացողներ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ իւրաքանչիւր մրցումի համար նկատի առնուած ժամանակն էր 15 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնար 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Նշենք, որ այս մրցաշարքի կազմակերպումին թեքնիք պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Էհտեն-Զղարթա քաղաքապետութեան անդամ Անթոնիօ Եամմին: Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Խէյրալլա, որուն օժանդակեցին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի գանձապահ Էլի Հուլիշեան եւ Էլի Պանտազի:
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն, 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (10 մասնակցող), ՀՄԸՄ-ի եւ Ճեմարանի աշակերտ Հրայր Գասապեան գրաւեց առաջին դիրքը` առաւելագոյն 6 կէտէն 5 կէտ ապահովելով:
Հրայր Գասապեանի արձանագրած այս տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքները կարելի է որակել բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան 8 տարեկան է եւ կը մասնակցի այդ դասակարգի մրցումներուն: Սակայն ան կիրակի օր իր մասնակցութիւնը բերաւ 10 տարեկանէն վար դասակարգին (առաջին անգամ ըլլալով)` իր դէմ ունենալով իր տարիքէն երկու տարեկան աւելի մեծ մրցակիցներ Մոհամետ Ռըմմալը եւ Իվանա Պանտալին, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Այս դասակարգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան եւ Նանօր Առնելեան, որոնք թէեւ արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ, սակայն առաջին երեք դիրքերուն մէջ չյայտնուեցան:
16 տարեկանէն վար (10 մասնակցող) դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ճօ Խէյրալլա (5 կէտ): Երկրորդ դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ-ի եւ Ճեմարանի այլ աշակերտ մը` Հրակ Գլըպոզեան, որ իր կարգին ապահովեց 5 կէտ:
Դասուած խաղացողներու դասակարգին մէջ, առաջին դիրքը գրաւեց Լիբանանի նախկին ախոյեան Ֆայսալ Խէյրալլա (5,5 կէտ): Ժիրայր եւ Ռազմիկ Օգնայեան եղբայրները իրենց կարգին արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ, սակայն առաջին եռեակին մէջ չկրցան որեւէ դիրք գրաւել:
Չդասուած դասակարգին մէջ հետաքրքրական էր երկու հայերու` Արի Չէօրեքճեանի եւ Վարդիվառ Գասապեանի մասնակցութիւնը: Անոնք փափաք յայտնած էին մասնակցիլ այս մրցաշարքին: Անոնք թէեւ մրցաշարքը աւարտեցին ոչ այդքան բարձր դիրքերու վրայ, սակայն անոնց մասնակցութիւնն իսկ ապացոյց էր, որ անոնք մօտէն հետաքրքրուած են այս մարզով ինչ ալ ըլլան իրենց արձանագրած արդիւնքները:
Նշենք, որ այս դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Մոհամետ Միքաթի (4 կէտ):
Մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան, կազմակերպիչները սքանչելիօրէն պատուեցին իրենց հիւրերը` նոյնիսկ անոնց հետ կէսօրուան ճաշակից ըլլալով:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, իւրաքանչիւր մասնակցողի անխտիր տրուեցաւ յատուկ մետալ մը` առ ի քաջալերանք անոնց մասնակցութեան: