ՆՇՄԱՐ. ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՄԵԾ ԶԱՐՄԱՆՔ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ԷՀՏԵՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՕՐԸ

Կը կարծուէր, որ կիրակի, 28 օգոստոսին, Էհտենի ճատրակի մրցաշարքին օրը, հայ ճատրակ խաղացողներ իրենց մեծաթիւ մասնակցութիւնը պիտի բերէին անոր` իրենց տիրական ներկայութեամբ:

Տեղական այլ մրցաշարքերու ընթացքին, հայ ճատրակ խաղացողներու անունները կը լսուէին մեծաքանակ ձեւով, սակայն տարբեր էր պարագան նախանցեալ օր, երբ հազիւ լսելի կը դառնային «եան» մականունները:

Կարելի է ըսել, բառին բուն իմաստով, որ այս մրցաշարքին տիրական ներկայութիւն եղան տեղացիները:

Մրցաշարքին կազմակերպիչները մասնակցութեան սակը ըրած էին ձրի, մինչ այլ մրցաշարքերու ընթացքին իւրաքանչիւր խաղացող կը վճարէր 10-15 հազար լիբանանեան ոսկի:

Ատկէ բացի, անոնք ապահոված էին փոխադրութիւնը` երթուդարձի սակ ճշդելով` 10 հազար լիբանանեան ոսկի:

Նախորդ շաբաթ «Ազդակ» իր մարզական էջով երկու օր անդրադարձաւ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին` տալով անհրաժեշտ ամբողջական տեղեկութիւնները, որոնք թերթին մարզական խմբագրութեան ուղարկուած էին կազմակերպիչներուն կողմէ, որպէսզի հայերու մասնակցութիւնը ըլլայ մեծաթիւ:

Արդ, այս իրողութենէն մեկնելով, արդեօք ի՞նչ ձեւով կարելի է հասկնալ «մատի» վրայ համրուող հայերու մասնակցութիւնը` ութ ճատրակ խաղացողով (երկուքը` չդասուած դասակարգի մրցումներուն): 10 տարեկանէն վար, ներկայ էին երեք հայեր (2 տղայ եւ 1 աղջիկ), 16 տարեկանէն վար` մէկ տղայ, իսկ դասուածներուն մէջ` 2 տղաք:

Նախապէս այլ առիթներով, տարուան ընթացքին մրցաշարքերու յաճախակի կայացումը փափաքող ճատրակ խաղացողներն ու անոնց ծնողները ո՞ւր էին նախանցեալ օր:

Աւելի քան 70 մասնակցողներէն միայն ութ խաղացողնե՞ր պէտք է ներկայ գտնուէին այդ մրցաշարքին:

Բնականաբար, այս երեւոյթը աննկատ չանցաւ տեղացի ճատրակ խաղացողներուն, ֆետերասիոնի անդամներուն, իրաւարարներուն եւ նոյնիսկ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք յաճախակիօրէն այս գծով հարցումներ կ՛ուղղէին հոն ներկայ գտնուող միա՛յն երեք հայ ծնողներուն:

Բնականաբար, ամառ է, արձակուրդ է եւ իւրաքանչիւր անձ եւ ընտանիք իր ծրագիրները ունի: Սակայն ասիկա ալ կարելի էր ամառնային արձակուրդի պտոյտներուն շարքին դասել` նկատի ունենալով, որ Էհտենի շրջանն ալ կ՛իյնայ պտոյտներու ծիրին մէջ, ուր այսպէս ըսած կարելի էր «մէկ քարով երկու թռչուն որսալ», այսինքն` պտոյտ եւ ճատրակ:

Իսկապէս այդ օր հոն ներկայ գտնուող տեղացիներուն մօտ այս երեւոյթը մեծ զարմանք պատճառեց:

Բարեբախտաբար, ՀՄԸՄ-ի եւ Ճեմարանի երկու աշակերտները` Հրայր Գասապեան եւ Հրակ Գլըպոզեան յաջողեցան փրկել կացութիւնը եւ յաջորդաբար գրաւեցին առաջին եւ երկրորդ դիրքերը, այլապէս հայերը ձեռնունայն պիտի վերադառնային Էհտենէն:

Ասոր համար չենք ուզեր այպանել ոեւէ մէկը:

Սակայն փափաքելի է, որ յառաջիկային ինչ ալ ըլլան պայմանները, կիրակի, 28 օգոստոսին կատարուածը այլ մրցաշարքերու ընթացքին չկրկնուի:

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES