ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՕՄ-Ը ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ՏՈՐՔԸՍ ԷՅՏ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ

Հայ օգնութեան միութիւնը յայտարարեց, որ միացած է «Տորքըս Էյտ» կազմակերպութեան` օժանդակութեան ձեռք մեկնելու համար Ափրիկէի Եղջիւրի շրջանը հարուածած սովի զոհերուն:

Անցնող յիսնամեակի ծանրագոյն երաշտը կը հարուածէ Ափրիկէի արեւելեան շրջանները: Այս աղէտին պատճառով սովը կը սպառնայ աւելի քան տասը միլիոն մարդու կեանքին: Պարագան ծանր է յատկապէս Սոմալիի մէջ, ուրկէ օրական միջին հաշուով 1600-էն 2000 հոգի կը հասնին Եթովպիոյ մէջ հաստատուած գաղթակայանները` օրեր, երբեմն շաբաթներ քալելէ ետք: Վատառողջ, սովահար եւ ծարաւ վիճակի մէջ գաղթակայաններ ապաստանածներու թիւը անցած է արդէն 125 հազարի սահմանը:

«Իբրեւ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւն, պարտաւոր կը զգանք օժանդակելու աղէտալի պայմաններ դիմագրաւող կարիքաւորներուն: 21-րդ դարուն սովէն տառապող ու մահացող մարդ արարածի մասին մտածելն անգամ անտրամաբանական կը թուի մեզի, հետեւաբար որոշեցինք միանալ «Տորքըս Էյտ» եւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ճիգերուն` փորձել մեղմելու համար սովը դիմակալող կիներուն եւ երեխաներուն տառապանքը», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան: «Մեր նախաձեռնութեան բնաբանն է «ՕԳՆԵՑԷՔ մեզի ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ համար սովահարներուն», հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ մեր կայքէջին (www.ars1910.org) կամ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն ճամբով նուիրատուութիւններ կատարեն` կարելի առաւելագոյն թիւով մարդոց ցաւը թեթեւցնելու»,  եզրակացուց ան:

«Բարձր կը գնահատեմ Հայ օգնութեան միութեան վսեմ այս քայլը եւ ապագայ գործակցութեան ոգիով կը նայիմ անոր: Մեր երկու կազմակերպութիւններուն նպատակը կարիքաւոր մարդոց օժանդակելն է: Թող որ Աստուած իր օրհնութեան տակ պահէ ՀՕՄ-ի բոլոր ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները», գրեց Տիգրան Եումուշաքեան, «Տորէյտ Ամերիքա» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը, ի պատասխան «Տորքըս Էյտ»ի ճիգերուն միանալու ՀՕՄ-ի որոշումին:

«Տորքըս Էյտ» եւ «Տորէյտ Ամերիքա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ յուլիսին այցելած էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ, եւ երկու մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները համաձայնած էին գործակցիլ մարդասիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան ծիրին մէջ:

«Տորքըս Էյտ» քսան երկիրներու մէջ բարեսիրական եւ զարգացման ծրագիրներ իրականացնող քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է: Այդ երկիրներու շարքին է Հայաստանը: «Տորէյտ Ամերիքա»ն անոր գործակից կառոյցն է, որ կը գործէ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգէն:

2010-ին իր 100-ամեակը նշած Հայ օգնութեան միութիւնը հայկական կնոջական մարդասիրական հնագոյն կազմակերպութիւնն է, որ միաւորներ ունի 27 երկիրներու մէջ: Ափրիկէի սովահարներու օժանդակութեան համար ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել այցելելով ՀՕՄ-ի կայքէջը եւ սեղմելով նուիրատուութեան յատուկ նկարին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES