ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՒՄԲ մը լիբանանցի երիտասարդներ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեցին լիբանանեան բանակին զօրակցութեան ազգային արշաւի մը: Նոյն յայտարարութիւնը շեշտեց, որ առ ի զօրակցութիւն բանակին, յառաջիկայ 3 սեպտեմբերին Մաթհաֆի մէջ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ պիտի կազմակերպուի հաւաք մը, որ պիտի տեւէ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 3:00:
ԱՒՍՏՐԻԱ 160 զինուոր պիտի գործուղէ Լիբանան, որպէսզի անոնք ծառայեն հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մէջ: Կը նախատեսուի, որ այդ ուժերը յառաջիկայ նոյեմբերին ժամանեն Լիբանան:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէն պիտի պատրաստուի սեպտեմբերի ընթացքին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ հաստատեց, որ ինք եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երբեք պիտի չընդունին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յառաջիկայ 2 սեպտեմբերին պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք այս հանգրուանին կը կարօտնան անհետացած իմամ Մուսա Սատըրը, որ Դիմադրութեան մշակոյթի հիմնադիրն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա նշեց, որ նախարար Պասիլի մշակած ծրագիրին ձախողութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութեան ձախողութիւնը կը նշանակէ: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը երկրին վահանն է` անոր դիմագրաւելիք որեւէ տագնապի դիմաց:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն վերջ տալու սուտասանութեան եւ ապօրինութեան:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պաապտա` հանդիպում մը ունենալու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին որդեգրուելիք ընտրական օրէնքը եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուելու անոր կարելիութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆայսալ Տաւուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հեռու պէտք է պահել քաղաքական տարակարծութիւններէն ու բանավէճերէն, ինչպէս նաեւ ներքին բախումներէ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել կը նշանակէ երկրին բոլոր արժանիքները թիրախ դարձնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ պէտք է զգուշանալ Միջազգային դատական ատեանէ մը, որ քաղաքականացած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին սպառնալ կը նշանակէ տկարացնել բանակին կառոյցը: