ՈՒԱՀԱՊ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԴԷՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ ընդունեց վենեզուելացի (ծագումով սուրիացի) երեսփոխան Ատել Սաղիրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Վենեզուելայի դեսպան Սուատ Քարամի:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ դրուատեց Վենեզուելայի կեցուածքները` արաբական հարցերուն նկատմամբ, յատկապէս այն իրականութիւնը, որ Վենեզուելա Պաղեստինեան դատին նեցուկ կանգնած է առաջին ղեկավարներէն, իսկ Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզ արաբական արդար դատերուն զօրակցելու առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է:
Ուահապ նկատել տուաւ, որ Չաւեզ այն առաջին ղեկավարներէն էր, որ բացայայտած էր, թէ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւն կը նիւթուի` աւելցնելով, որ ներկաներուն յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ բարելաւում: «Ով որ կը կարծէ, թէ սուրիական պետութիւնը կրնայ տապալել, ինչպէս կատարուեցաւ այլ պետութիւններու պարագային, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ Սուրիոյ կողքին եւ զայն պաշտպանող մեծ առանցք մը կայ, որ նեցուկ պիտի կանգնի անոր եւ պիտի արգիլէ Սուրիոյ մէջ իրարանցումն ու սուրիական պետութեան խայտառակումը», շեշտեց Ուահապ:
Թաուհիտ հոսանքի նախագահը անդրադառնալով թրքական յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն հաստատուած է, որ երկխօսութեան ժամանակը աւարտած է եւ պատերազմին բարի գալուստի մաղթանք կատարուած, հարց տուաւ. «Արդեօք այդ մէկը իսկապէս կը նշանակէ, թէ պատերազմի ժամանակը հասա՞ծ է: Թուրքերը պէտք է ըմբռնեն այլեւս, որ իրենք սուլթաններ չեն եւ մենք անոնց գերիները չենք: Անոնք պէտք է հասկնան, որ այս դարը Դիմադրութեան դարն է: Թուրքիա վերջ պէտք է տայ մեզի դասեր տալու իր մարմաջին, եւ մեր վրայ վարպետութիւն պէտք չէ խաղայ ան, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ իրմէ ներում հայցել», ընդգծեց Ուահապ:
Իր կարգին, երեսփոխան Սաղիր նշեց, որ իրենք անցնող վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին կը գտնուէին Սուրիոյ մէջ եւ հետեւած են հոն տիրող կացութեան:
Սաղիր նկատել տուաւ, որ իրենք իրենց կեցութեան ընթացքին յստակօրէն փաստեցին, որ երկրին բարեկարգումի ղեկը կը գտնուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ձեռքը: «Սուրիոյ դէմ այս դաւադրութիւնը կը միտի թիրախ դարձնել Միջին Արեւելքի մէջ Դիմադրութեան եւ պաղեստինեան հարցի լուծման զօրակցող սուրիական կեցուածքները», եզրափակեց Սաղիր: