ԱՐԻՏԻ – ԽԱԼԻԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ իրենք վերջնական որոշումի մը պիտի կարենան յանգիլ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին կառավարութեան գումարելիք նիստէն առաջ:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք համաձայն են, որ այս հանգրուանին կը գտնուին կառավարութիւնը եւ անոր միասնականութիւնը պահպանելու առաքելութեան դիմաց` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են կառավարութեան կարողութիւններուն եւ անոր ունենալիք ապագայ դերակատարութեան: Արիտիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան