«ԲԱՆԱԿԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐԷՆ ՎԵՐ Է. ԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Զօր. Քահուաժի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն ներկայութեան դրուատեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար լիբանանեան զանազան շրջաններուն ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի զօր. Քահուաժիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ բանակը քաղաքական բանավէճերէն վեր է` դիտել տալով, որ բոլոր կողմերը այդ հիման վրայ պէտք է վարուին բանակին հետ:

«Մենք բոլորս որեւէ միջամտութենէ պէտք է պաշտպանենք լիբանանեան բանակը եւ ապահովական բոլոր հաստատութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին ազգային շահերը:

Լիբանանեան բանակը երկրին ազատութեան, ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման երաշխիքն է եւ ան յանձնառու կը մնայ ամբողջ երկիրը պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան», հաստատեց ան:

Միքաթի նշեց, որ անցեալ ամսուան ընթացքին հարաւային Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ինք վկայած է բանակին մատուցած զոհողութիւններուն եւ հասած այն եզրակացութեան, որ բանակին արժէքը միայն անոր բարձրացուցած զէնքին մէջ չէ, այլեւ` Լիբանանի տարածքին անոր ստեղծած միասնականութեան մէջ: Միջադէպերը ցոյց տուած են, որ բանակը շրջանցած է իր ներքին, համայնքային թէ յարանուանական բոլոր տարակարծութիւնները եւ բառին ամբողջական իմաստով ազգային բանակ է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ մնալ», հաստատեց Միքաթի:

Դեսպան Քոնելլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթիին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալետ Զիատէ, Փաքիստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ուաֆիք Ռահիմի եւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ Լիբանանի դեսպան Նաժլա Ասաքեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր  հանդիպումները ունեցած են դրական բնոյթ:

«Հակառակ անոր որ ես հանդիպում չունեցայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ, սակայն սէուտցի այլ պատասխանատուներու հետ ունեցած իմ հանդիպումներուս ընթացքին իբրեւ վարչապետ իմ աշխատանքներուս մասին ոչ մէկ դիտողութիւն լսեցի: Ընդհակառակն` երկկողմանի վստահութիւնը ամրապնդուած է Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապին` Միքաթի յայտնեց, որ նախքան 7 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստը, պէտք է համաձայնութեան մը յանգիլ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է այդ ծրագիրը շպարուած կերպով ներկայացնել, որպէսզի կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տայ` աւելցնելով, որ իր այս յայտարարութիւնները ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ուղղուած չեն, որովհետեւ անկարելի է, որ ան իր կառավարութեան մէջ նկատի ունեցած ըլլայ նախարար մը, որուն նկատմամբ վստահութիւն չունի:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ բոլոր սպառնալիքները եւ տարազները, որոնք ուղղուած են կառավարութեան դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES