ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՌՈՒՍ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԹՈՒՆԱՒՈՐՈՒՄ
Թրքական հանգստավայրերէն մէկուն մէջ ռուս զբօսաշրջիկներու զանգուածային թունաւորման նոր դէպք մը արձանագրուած է: Ալանիոյ մէջ գտնուող «Լարա Փարք» պանդոկին մէջ 10 ռուս զբօսաշրջիկ թունաւորուած է:
Պանդոկի ղեկավարութիւնը չ՛ընդունիր իր մեղքը եւ կը յայտարարէ, որ զբօսաշրջիկները ամենայն հաւանականութեամբ «դուրսը» թունաւորուած են: Ալանիոյ առողջապահական ծառայութիւնները պանդոկին մէջ ստուգումներ պիտի կատարեն:
Նշենք, որ այսպիսի դէպք մը արձանագրուած էր նաեւ 26 յուլիսին Ալանիոյ «Քլապ Կիւնեշ Կարտըն» պանդոկին մէջ, երբ խմիչքային թունաւորման ախտանիշերով բժշկական օգնութեան դիմած էին 98 ռուս զբօսաշրջիկներ:
CATEGORIES Միջազգային