ԱՒՍՏՐԻԱՑԻ ՄԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԳԻՆԻԻ ՈՐԱԿԸ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ
«Ուտէյ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի բնակիչներէն մէկը յայտնաբերած է գինիի որակի բարձրացման իւրայատուկ միջոց. ան կ՛առաջարկէ այդ նպատակով ձայնային ալիքներ կիրարկել: Այդ եղանակը, որ «Սոնոր Ուայնզ» կը կոչուի, գինիներու գիտակ ու երաժիշտ Մարքուս Պախմանի յայտնագործութիւնն է:
Ըստ անոր, գինին պատրաստութեան սկզբնական փուլերու ընթացքին պէտք է երաժշտութիւն «լսէ»: Ձայնային ալիքները տատանումներ կը յառաջացնեն հեղուկին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք ալ ատոր որակը կը բարձրանայ: Այսպիսի ճարտարագիտութեամբ մշակուած գինին աւելի քիչ շաքար կը պարունակէ եւ աւելի օգտակար է:
Ըստ աւստրիացի երաժիշտին, երաժշտութեան ոճին համեմատ գինին կրնայ տարբեր համեր ունենալ: Ճարտարագիտութիւնը փորձարկուած է Քլոսթերնոյպուրկի գինեգործութեան դպրոցին մէջ` «Կրիւներ Վելթլիներ» գինիին վրայ: