«ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ» ԾՐԱԳԻՐԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ` ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄՈՎ

Ռալֆ Եիրիկեան` ցուցահանդէսին մասնակից աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս» մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց Հայաստանի մշակոյթի տուներու, արուեստներու եւ արհեստներու դպրոցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Գարնանային ներշնչանք 2011» նախագիծին աւարտը:

Ծրագիրին մասնակցեցան 3000 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ` Հայաստանի մարզերը եւ Երեւանը ներկայացնող մօտ 100 դպրոցներէ: Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մեծամօրի մշակոյթի տան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ կրթօճախներու սաներու լաւագոյն աշխատանքներուն ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ հանրապետական մրցումի յաղթողներու մրցանակներուն յանձնումը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յաջող աշխատանքներ ներկայացուցած յաղթող դպրոցներուն եւ մշակոյթի տուներուն յանձնեց շնորհակալագիրներ:

«Երեխաներուն, յատկապէս հեռաւոր շրջաններուն մէջ բնակողներուն ստեղծագործական մղումները խրախուսելով, մենք կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը, քանի որ արուեստի հետ հաղորդակցելու շնորհիւ երիտասարդ սերունդին կը փոխանցուի նաեւ մեր մշակոյթը: Ստեղծագործականութիւնը եւ նորարարութիւնը այն յենասիւններն են, որոնց վրայ իրենց աշխարհահայեացքը պիտի ձեւաւորեն երիտասարդ արուեստագէտները», նշեց ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Յաղթողներուն յանձնուած մրցանակներուն շարքին կը գտնուէին նաեւ համակարգիչներ, երաժշտական գործիքներ, հնչիւնային սարքաւորումներ եւ կահոյք:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս» ընկերութիւն աջակցութիւն ցուցաբերեց քանի մը կրթօճախներու` թատերական սրահ շինելու եւ շէնքի պայմանները բարելաւելու հարցով:

«Գարնանային ներշնչանքը» շարունակական նախագիծ է, որուն նպատակն է Հայաստանի մարզերուն մէջ երիտասարդ տաղանդներու ստեղծագործականութեան բացայայտումը եւ խթանումը: Մրցումին նիւթն էր վառ երեւակայութիւնը:

Ստեղծագործութիւնները գնահատելու ընթացքին հաշուի կ՛առնուէին ինքնատիպութիւնը, յստակ արտայայտչականութիւնը եւ յղումը ազգային աւանդութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES