ՈՒՂԻՂ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակի նշումը ներազգային առումով ճիշդ է, որ միաժամանակ թէ՛ զգացական եւ թէ՛ բանական հարթութիւններու վրայ խորհուրդներ կը պարփակէ, պատգամներ կը փոխանցէ եւ մանաւանդ յառաջիկայ գործունէութեան նախանիշեր կը թելադրէ` Արցախի պետականութեան ամրակայման, բնակեցման, զարգացման եւ մանաւանդ անկախութեան միջազգային ճանաչման հրամայականներուն նկատառումներով:

Յոբելեանը հերթական առիթ է լոյսին բերելու նաեւ բանակցային գործընթացի պարզած ներկայ պատկերը: Նախքան այդ, սակայն, հարկ է մտաբերել, որ որեւէ հակամարտութեան լուծման համար տարուող բանակցութիւններուն ընթացքին կամ մինչեւ առաջադրուած լուծումի համաձայնութիւնը  շատ կարեւոր է բանակցող կողմերուն ցուցաբերած պահուածքը: Այստեղ ակներեւ է ազրպէյճանական կողմի դրսեւորած ամէնէն մեղմ ըսելաձեւով` ապակառուցողականութիւնը: Ռազմատենչ յայտարարութիւնները, հրադադարի անվերջանալի խախտումները եւ պայմանական մօտեցումները կ՛ընդգծեն ազրպէյճանական ժխտական վարքագիծը:

Կարելի է արձանագրել, որ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման քսանամեայ այս ժամանակահատուածը յատկանշուեցաւ գոյավիճակի (սթաթիւս քոյի) պահպանումով: Դրական տեղաշարժի նախադրեալներ, բեկումնային պահերու նախօրեակներ, լուծման վերջին կարելիութիւններ եւ նման եզրաբանութիւններ յաճախակի օգտագործուեցան բանակցային իւրաքանչիւր հանգրուանի սեմին` առաւելաբար հանրային կարծիքին վրայ ազդելու մտադրութեամբ: Մատրիտեան հին կամ նորացուած սկզբունքները եւս բանակցային սեղանին վրայ գտնուելով իրենց շուրջ չյաջողեցան գոյացնել համաձայնութիւն: Յստակ էր, որ մերժողական դիրքերէ որեւէ զիջում չկատարելու ազրպէյճանական դիրքորոշումը հիմնական արգելակող պատճառ էր ենթադրեալ համաձայնութեան գոյառման: Փոխզիջումով ձեւաւորուելիք համաձայնութիւնը Ազրպէյճանի համար հայկական կողմէն սպասելի միակողմանի զիջումներով կայանալիք լուծում էր:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երէկուան յայտարարութիւնը յստակ նախանիշ էր, որ Ստեփանակերտը իբրեւ բանակցային կողմ ուղղակի պիտի բանակցի Պաքուին հետ: Առանց ինքնորոշուած Արցախի իրողական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, որեւէ լուծում կարելի չէ պատկերացնել արցախեան հիմնախնդիրին: Թէեւ` բանակցային ընդհանուր գործընթացին Ստեփանակերտը մասնակցած է եւ կը շարունակէ մասնակցիլ: Միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած խմբակին համանախագահները իրենց Երեւան-Պաքու կամ Պաքու-Երեւան ուղեւորութիւններուն ընթացքին դժուար թէ շրջանցեն Ստեփանակերտը: Որեւէ ձեւաչափով` ըլլա՛յ միջնախագահական, ըլլա՛յ միջնախարարական, տեղի ունենալիք հանդիպումներէն առաջ Մինսքի խմբակի համանախագահները տեսակցած են Արցախի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Այս մէկը գրեթէ օրինաչափ երեւոյթի վերածուած է եւ համազօր նկատուած Արցախի իշխանութիւններուն բանակցային գործընթացին ներառումին: Անուղղակի այս եղանակն է հիմա, որ նախագահ Սահակեան կ՛առաջադրէ վերածել ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափին:

Ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը ճշդուի անպայման: Պաքուէն կ՛ակնկալուի քաղաքական կամքի ցուցաբերում` ընդունելու համար պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական բոլոր պայմանները ամբողջացուցած,  ժողովրդավար հիմունքներով հանրաքուէ կազմակերպած, ինքնորոշուած եւ պետականութիւն կերտած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցային սեղանի շուրջ նստիլը: Ուղիղ բանակցութիւններն են, որոնք կրնան լուծման ճամբուն առաջնորդել արցախեան հիմնահարցը: Իսկ ուղիղ բանակցութիւնները անկախ Արցախի ճանաչումի համազօր քայլ է, որ անխուսափելիօրէն պարտին առնել Պաքուի ղեկավարները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES