ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. «ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՈՒՂՂԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Բակօ Սահակեան

Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը Արցախի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն է: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով «Նեզաւիսիմայա կազեթա» թերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Արցախի անկախութեան չճանաչման իրաւական հիմքեր չկան եւ այդ հարթութեան վրայ հայկական կողմի փաստարկները անբասիր են: Ըստ անոր, այլ բան է, որ կան աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ, տարաբնոյթ շահեր եւ այլն, որոնք քիչ մը կը յետաձգեն Լեռնային Ղարաբաղի  ճանաչումը:

Ան նշեց, որ ամէն պարագայի աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ շահերու բախումը իրենց տեղը կը զիջին իրաւունքին եւ բարոյականութեան, որուն վառ ապացոյցն է վերջին 3-4 տարիներուն ընթացքին անցեալին չճանցուած պետութիւններու ճանաչման հոլովոյթի նոր հանգրուանը:

Ըստ նախագահ Բ. Սահակեանի, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը չի պայմանաւորուիր արդէն ներկայ նախադէպերով. Լեռնային Ղարաբաղը պիտի շարունակէ պայքարիլ միջազգային ճանաչման համար անկախ նախադէպերէն, քանի որ անոր համար կան բացարձակապէս բոլոր հիմքերը` պատմական, իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական:

Ինչ կը վերաբերի բանակցային հոլովոյթին Արցախի մասնակցութեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը շեշտեց, որ ատիկա տագնապի համապարփակ լուծման միակ կարելիութիւնն է: «Առանց մեր մասնակցութեան լուծումը անիրական է: Ատիկա կ՛ընդունին նաեւ միջազգային միջնորդները, օրինակ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Ստեփանակերտը պատրաստ է ուղղակի  բանակցելու Պաքուին հետ եւ քննարկելու որեւէ հարց: Կը կարծեմ, որ բանակցային հոլովոյթի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը իսկապէս ժամանակի հարց է եւ որքան արագ ատիկա կատարուի, այնքան կարճ ժամանակ պիտի պահանջուի տագնապին վերջնական լուծման համար», յայտնեց Բ. Սահակեան:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Արցախը բանակցային, խաղաղ ճամբով տագնապը լուծելու կողմնակից է եւ իրմէ կախուած ամէն ինչ կը կատարէ: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը մարտունակ է եւ ոչ միայն երկրին անվտանգութեան երաշխաւորն է, այլեւ կայունացնող գործօն Հարաւային Կովկասի մէջ:

ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ 30 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանը, նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջարկով համաներումի որոշում ընդունած է Անկախութեան 20-ամեակին առիթով:

Անկախութեան հռչակման օրէն մինչեւ այսօր, այս համաներումը Ղարաբաղի մէջ վեցերորդն է: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի պետաիրաւական վարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի, այս համաներումով ազատ պիտի արձակուին բանտարկութեան մէջ գտնուող անձերուն շուրջ 20 առ հարիւրը եւ ազատազրկման հետ չկապուած պատիժներու դատապարտուած բոլոր անձերը: Սակայն պաշտօնական Ստեփանակերտը կը հրաժարի բացայայտելէ, թէ ընդհանուր առմամբ այս պահուն քանի կալանաւոր կայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` պատճառաբանելով, որ այդ թիւը երբեք չէ հրապարակուած:

«Պիտի կրճատուին նաեւ որոշակի քրէական կամ դատական գործեր կամ գերակայ նիւթեր. անոնք հիմնականին մէջ կը կազմեն առկայ քրէական կամ դատական գործերու 60-80 առ հարիւրը», յայտարարեց Լազարեան:

Ըստ այս որոշումին, համաներումը պիտի տարածուի մինչեւ երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուած անձերու վրայ, մինչեւ հինգ տարուան ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտուած առաջին կամ երկրորդ կարգի հաշմանդամներու, 18 տարին չամբողջացուցած` յանցագործութիւն կատարած անձերու, 60 տարին լրացուցած անձերու, ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցներու եւ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուածներու հարազատներուն ու այն մարդոց վրայ, որոնց նկատմամբ նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չէ կիրարկուած:

Համաներումը չի տարածուիր որոշ ծանր յանցագործութիւններ կատարած, պետական կարգի դէմ ուղղուած յանցանքներու համար դատապարտուած անձերուն վրայ, ինչպիսիք են` սպանութեան, աւազակութեան, բռնաբարութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան համար դատապարտուածները:

 

Share this Article
CATEGORIES