«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԷՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԴԵՐԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» ՆՇԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս բառերով երէկ` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս բացումը կատարեց Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ Միջթեմական Երիտասարդական խորհրդակցական հանդիպումին: Սոյն հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքին կողմէ: Բաժանմունքին պատասխանատուն է Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, իսկ բաժանմունքի յանձնախումբին անդամ են Յակոբ Հանտեան, Իրմա Պալեան, Աստղիկ Գանտահարեան, Սարին Գարաճրճեան եւ Գօգօ Ալլոզեան:
Սոյն հանդիպման մաս կը կազմեն թեմերու մէջ գործող երիտասարդաց բաժանմունքներու կամ միութիւններու ներկայացուցիչները: Անոր նպատակն է մօտէն տեղեակ ըլլալ թեմերուն մէջ երիտասարդութեան առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ ապա միասնաբար քննել ազդու միջոցները` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ օգտակար հանդիսանալու երիտասարդական ծրագիրներուն թեմերուն մէջ:
Իր բացման պատգամին մէջ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց ներկայ ընկերութեան մէջ երիտասարդութեան վստահուած դերը: Ան ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան կեանքի մայր էջին վրայ է այլեւս եւ ո՛չ թէ լուսանցքին. երիտասարդութիւնը դիտող չէ՛ այլեւս, այլ` մասնակցող. հետեւող չէ՛, այլ գործող ու նոյնիսկ` առաջնորդող. լսող չէ՛, այլ` նաեւ խօսող: Պէտք է տեղեակ դառնանք երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ տեսնենք միասնաբար, թէ ի՞նչ կրնանք ընել աջակցելու երիտասարդութեան, որպէսզի ան կարենայ լիարժէք կերպով ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Մենք չենք կրնար հեռու մնալ համաշխարհայնացած աշխարհի մարտահրաւէրներէն ու տագնապներէն. առաւել կամ նուազ չափով մասնակից ենք այդ բոլորին, որովհետեւ այլեւս մեր շուրջ պատնէշներ գոյութիւն չունին: Հայ երիտասարդութիւնը կոչուած է բոլոր պայմաններուն մէջ հաւատարիմ մնալու իր արմատներուն` միաժամանակ քայլ պահելով ներկայ աշխարհի փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Հայ երիտասարդութիւնը կոչուած է նոր շունչ ու որակ տալու մեր կեանքին, մեր կառոյցներուն, ղեկավարութեան եւ մեր արժէքներուն` կարեւոր դեր ստանձնելով մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն վերանորոգման, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներուն վերակազմակերպման այնքան հրամայական ու անյետաձգելի աշխատանքներուն մէջ»: