ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպանին հանդիպումին եւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Անուար», «Տէյլի Սթար», «Շարք», «Տիար» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ. 2011-ի առաջին 7 ամիսներուն Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի մարզը արձանագրած է 63,04 միլիառ տոլարի վնաս մը:
– Ակնարկ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Մայրիկ» ճաշարանին մէջ կազմակերպած ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած են ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սատա Պալատ», «Տիար» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած այն պատգամին, թէ այս ժամանակաշրջանին աշխարհը կը մերժէ բռնատիրութիւնը եւ բռնատէրերը:
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ այն դէպքին, որ Թուրքիոյ թատերասրահներէն մէկուն մէջ թատերախաղի մը հետեւելու ընթացքին թուրք ցուցարարներ պահանջեցին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հեռացումը:
«ՏԻԱՐ»
– Անդրադարձ` Մուրապիթուն շարժումին կողմէ հրապարակուած այն հաղորդագրութեան, որ խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ կեցուածքներն ու տեսակէտները:
«ՀԱՅԱԹ»
– Վերլուծական յօդուած` Թուրքիոյ քաղաքական եւ ընկերային մարզերուն վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն մասին: Այդ ազդեցութիւններէն ամէնէն յատկանշականը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ քաղաքացիական անվտանգութեան խախտումը, ինչպէս նաեւ արդի Թուրքիա մը ըլլալու դիմակը վերջնականապէս վար առնուելու հաւանականութիւնը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– Անդրադարձ. թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւնը դադրած է` սպասելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ կատարուած խոստումներուն գործադրութեան:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
– Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կը յայտարարէ, որ Անգարա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ իր վստահութիւնը կատարելապէս կորսնցուցած է:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Անուար», «Շարք Աուսաթ», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Հայաթ», «Շարք», «Լորիան լը Ժուր», «Տէյլի Սթար», «Ախպար» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):