Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ելեկտրականութեան թղթածրարին յատուկ համաձայնութիւններու չէ դիմած` հարց տալով, որ երբ կառավարութիւնը տակաւին չէ վաւերացուցած այդ թղթածրարը, ինչպէ՞ս կարելի է ամբաստանել նախարար մը նման համաձայնութիւններ ստորագրելու յանցանքով:

Փ. Մանճեան մաղթեց, որ կառավարութեան յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը վաւերացնել, «սակայն եթէ այդ մէկը կարելի չըլլայ, ապա մենք առիթ պիտի չտանք անոնց հրճուելու կառավարութենէն մեր հրաժարականով, այլ` պիտի  ուղղուինք ուրիշ լուծումներու», աւելցուց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES