ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին, ուրբաթ, 4 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, վարժարանի «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սարին Չոպանեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց հերոսները զինուորական պատրաստուածութեան կողքին, ունէին հոգեւոր դաստիարակութիւն, քանի որ անոնք համոզուած էին, որ դէպի իմացեալ մահ  եւ մարտիրոսութիւն կ՛երթային: Չոպանեան աւելցուց, որ ամէն մարդ պէտք է պարծենայ Վարդանանց անզուգական ճակատամարտով: Սարին Չոպանեան ըսաւ, որ  շնորհիւ Վարդանանց նահատակներուն` այսօր մենք կանք ու կը մնանք եւ կ՛ուխտենք բարձր պահել անոնց յիշատակը:

Ապա մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ասմունքեցին «Հայ եմ ես»ը եւ «Քաջ Վարդան»ը, որոնցմէ ետք երկրորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին թատերական ներկայացում մը, որուն մէջ նկարագրուած էր ճակատամարտը:

Լիւսի Ղարիպեան դաշնակի վրայ նուագեց Պախի ստեղծագործութիւններէն, մինչ վեցերորդ դասարանը ասմունքեց «Տաղ հայերէն լեզուի» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, որ նշեց, թէ հայութիւնը ունի մեծ արժէք ներկայացնող երեք դէմքեր` Գրիգոր Լուսաւորիչը, Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Քաջ Վարդանը: Կռանեան ըսաւ, որ Լուսաւորիչին շնորհիւ` մենք քրիստոնեայ դարձանք ու Մաշտոցին ջանքերով կրցանք մեր ինքնուրոյն մշակոյթը ստեղծել, իսկ Քաջ Վարդան Մամիկոնեանով մեր ազգութիւնը պահպանել:

Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան հաստատեց, որ հայութեան գոյութիւնը փրկողը հանդիսացաւ Քաջ Վարդանը, որ խիզախօրէն կռուեցաւ հայրենիքի համար: Կռանեան շեշտեց, որ ազգ մը կ՛ապրի իր կրօնով, իր եկեղեցիով, իր մշակոյթով, իր լեզուով ու հայրենիքով: Խօսքի աւարտին հայր Կռանեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան` լաւապէս սորվելու հայոց պատմութիւնը ու գիտնալու հայութեան արժէքները:

Դասախօսութենէն ետք Անի Այրանեան դաշնակի վրայ նուագեց «Սթրիպպոկ»ը, մինչ իններորդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Վարդանականը»: Հանդիսութեան աւարտին հինգերորդ դասարանը երգեց «Հիմի էլ լռենք»ը, որմէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ձեռնարկին յաջողութեան: Պոյաճեան նաեւ նուէրներ բաժնեց Վարդանանց նուիրուած պատի թերթի մրցումի մրցանակիրներուն:

Share this Article
CATEGORIES