ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ա. ՄՐՑԱՆՔԻ ՆՇԱՆԱԿԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, ուրբաթ, 11 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Ա. մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Սարգիս Կիւճելեան, որ նշեց, թէ մրցանքը նուիրուած է Հրանդ Տինքին, քանի որ ան մեր պահանջատիրութեան վերջին նահատակն է, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն մէկերորդ զոհը եւ խօսքի ազատութեան ու արդարութեան նուիրեալը:

Կիւճելեան հաստատեց, որ Տինք կ՛անմահանայ, երբ հայ աշակերտները կը հետեւին Տինքի ջահերթին, եւ երբ կը ծնին նոր տինքեր, որոնք աշխուժութեամբ ու խիզախութեամբ պատրաստ են շարունակելու աշխատանքը:

Ապա ներկաները դիտեցին Տինքին մասին վաւերագրական տեսերիզ մը, որմէ ետք Սարգիս Հալլաճեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենքը»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ժիրայր Դանիէլեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ մրցանքներ կը ջանան իւրայատուկ կերպով մեր նորագոյն սերունդը պատրաստել ապագային համար, եւ այդ շրջագիծին մէջ այս նախաձեռնութիւնը շնորհաւորելի է ու քաջալերական: Դանիէլեան աւելցուց, որ այդ ջերմութիւնը նաեւ կու գայ Հրանդ Տինքէն, որ իր համեստ անձնաւորութեամբ դարձաւ հայութեան ու գիտակից թուրք հասարակութեան կուռքը:

Ներկայացնելէ ետք մրցանքին բոլոր մանրամասնութիւնները, Ժիրայր Դանիէլեան հաստատեց, որ յաղթական են մրցանքի բոլոր մասնակիցները, որոնք ազգային գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ գրած էին իրենց տեսակէտները, ապրումներն ու զգացումները:

Պատգամէն ետք, սրինգով Նարեկ Հեքիմեան նուագեց «Զէյթունցիներ»ը, իսկ Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցող հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմի անդամներուն` Շահան Գանտահարեանին, Սարգիս Նաճարեանին եւ Ժիրայր Դանիէլեանին, որոնք մեծապէս նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Գալուստ ընթերցեց «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի ուղերձը, որուն մէջ գրուած է, որ Տինք սպաննուեցաւ խօսքի ազատութեան ու գաղափարի համար, եւ իր սպանութենէն չորս տարի ետք տակաւին չստեղծուեցան ազատ պայմաններ: Սերոբեան իր ուղերձին ընդմէջէն յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է մրցանակիրներու գրութիւնները հրատարակել «Ակօս»ի հայերէն բաժինին մէջ:

Սարգիս Սերոբեան Տինքին ուղղելով իր խօսքը` կ՛ըսէ. «Սիրելի Հրա՛նդ, բոլորս գիտենք, որ քեզ ազատ արտայայտուելու, գաղափարը ազատօրէն յայտնելու իրաւունք պահանջելուդ համար նահատակեցին: Գոնէ, ըսինք, մեր մեծ կորուստը բանի մը ծառայէ, ատոր համար ջանք կը թափենք: Լիբանանահայ տղաքն ալ այդպէս խորհեր են կ՛երեւի, եւ յիշատակդ յարգելու եւ նպատակներդ կեանքի կոչելու համար «Հրանդ Տինք» են անուաներ իրենց մրցոյթը»:

Գալուստի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մասնակիցներու հաստատագիրներու յանձնումը, մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Ալիք Գանտահարեանը, երկրորդ` ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանէն Ռոլան Կարապետեանը, իսկ երրորդ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Սալբի Կանիմեանը: Մրցանակիրները ստացան վերջին տարիներուն լոյս տեսած գիրքերու հաւաքածոներ:

Share this Article
CATEGORIES