ՊԱՔՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ 2020-Ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ
Ազրպէյճանական Trend.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ազգային Ողիմպիական կոմիտէն յայտնեց, որ Պաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէին` հիւրընկալելու համար 2020-ի Ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Այդ խաղերը հիւրընկալելու համար թեկնածու ներկայացած քաղաքներուն կարգին են նաեւ Մատրիտ, Պոլիս, Հռոմ, Թոքիօ եւ Տոհա:
CATEGORIES Մարզական