ԵՈՒՐԻ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՋԱԿՑԻ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆԻ

Ծանրաբարձութեան աշխարհի նախկին ախոյեան Եուրի Սարգսեան, որ 1993-էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Աւստրալիոյ մէջ, ներկայիս կը գտնուի Հայաստան:

«Ես մասնաւորաբար Երեւան ժամանած եմ, որպէսզի աջակցիմ մեր արհեստավարժ կռփամարտիկ Վիք Դարչինեանին, որ շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, ճակատում մը ունի կատարելիք: Մենք միասնաբար տասը տարիէ ի վեր իրարու հետ շատ մտերիմ ընկերներ դարձած ենք եւ չեմ ուզեր անոր կատարելիք ճակատումներէն որեւէ մէկէն բացակայիլ», ըսաւ Սարգսեան:

Անուանի մարզիկը նաեւ ըսաւ, որ մարզական նման միջոցառումներ մեծ նշանակութիւն ունին երիտասարդներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք աւելի մօտէն կապ կը հաստատեն մարզիկներու հետ եւ բնականաբար կը ցանկան անոնց նմանիլ ու զբաղիլ այդ մարզաձեւով:

«Վերջերս, հայ անուանի մարզիկներով խորհրդակցութիւն կատարելով, որոշեցինք օգնել եւ աջակցիլ արտասահման գտնուող մեր անուանի մարզիկներուն, որպէսզի անոնք յաճախ ելոյթներ ունենան Հայաստանի մէջ», ըսաւ Սարգսեան որ Աւստրալիոյ ծանրաբարձութեան հաւաքականին մարզիչն է:

Share this Article
CATEGORIES