ԵՒՐՕ 2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԱՆՏՈՐՐԱՅԻ ՄԷՋ

Երէկ, Եւրօ 2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ հիւրն էր Անտորրայի, երեք կոլ նշանակելէ եւ երեք կէտ խլելէ ետք դաշտին տէրերէն` Անտորրայէն, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Հայրենի կազմը, որ արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ յաղթանակը, այժմ բարձր տրամադրութեամբ պիտի մեկնի Սլովաքիա, ուր 6 սեպտեմբերին պիտի մրցի վերջինիս դէմ։

Երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման (4-0), երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով գրեթէ նոյն արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտորրան` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Թէեւ մրցումը սկսաւ քիչ մը դանդաղ, սակայն հայրենի կազմը հետզհետէ մրցումին ղեկը իր ձեռքին մէջ առնելով եւ տիրապետելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 203-րդ դիրքին վրայ գտնուող Անտորրայի վրայ, յաջողեցաւ Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջանալ` շնորհիւ Մարքոս Փիցելլիի նշանակած սքանչելի կոլին (35-րդ):

Բ. կիսախաղին Գէորգ Ղազարեան յաջողեցաւ երկրորդ անգամ ըլլալով ցնցել Խոսէ Կոմեսի բերդին ուռկանը, երբ 75-րդ վայրկեանին նշանակեց հայրենի կազմին երկրորդ կոլը:

Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Հենրիխ Մխիթարեան եկաւ վերջակէտ մը դնելու ճակատումին երբ փենալթիով նշանակեց երրորդ եւ վերջին կոլը:

Այսպիսով, Հայաստան արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ յաղթանակը` երկու հաւասարութիւններէ եւ երկու պարտութիւններէ ետք:

Այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հայաստանի ազգային հաւաքականը բարձր տրամադրութեամբ պիտի մեկնի Սլովաքիա, ուր 6 սեպտեմբերին պիտի մրցի վերջինիս դէմ:

Այժմ կը մնայ, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականը եւս այսօր` շաբաթ, 3 սեպտեմբերին նոյն մրցակիցին դէմ իր կարգին յաղթանակ արձանագրէ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումին դաշտ ներկայացած հայրենի կազմը. Ռոման Պերեզովսքի, Սարգիս Յովսէփեան, Կարլեն Մկրտչեան, Մարքոս Փիցելլի, Գէորգ Ղազարեան (Զաւէն Պատոյեան, 90-րդ), Արթուր Սարգիսով, Հրայր Մկոյեան, Վալերի Ալեքսանեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Լեւոն Հայրապետեան եւ Էտկար Մանուչարեան (Էտկար Մալաքեան, 78-րդ):

Նշենք, որ մրցումին վերջին վայրկեանին Անտորրայի մարզիկներէն Իլտոֆոնս Լիմա կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Երէկուան մրցումներէն ետք այժմ Բ. խմբակին դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

 

Մրց. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1. Ռուսիա 7 5 1 1 10 4 16
2. Այիր 7 4 2 1 11 6 14
3. Սլովաքիա 7 4 2 1 6 4 14
4. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 7 3 2 2 13 7 11
5. Մակեդոնիա 7 1 1 5 5 9 4
6. Անտորրա 7 0 0 7 1 16 0

——————-

 

Share this Article
CATEGORIES