ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՅՍՕՐ` ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆ-ԻՎԸՆԶ ՄՊԱՄՊԱ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ

Վիք Դարչինեան (ձախին) եւ Իվընզ Մպամպա

Այսօր` շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի արհեստավարժ ճակատում մը` Վիք Դարչինեանի եւ Իվընզ Մպամպայի (հարաւային ափրիկեցի) միջեւ:

Նախքան այս գլխաւոր ճակատումը, պիտի կատարուին այլ ճակատումներ, որոնց ընթացքին կռփամարտի մէջ իրենց առաջին քայլերը նետող հայազգի կռփամարտիկներ Ազատ Յովհաննիսեան (55 քկ), Գաբրիէլ Տոլմաջայեան (58 քկ) եւ Յովհաննէս Ժամկոչեան (60 քկ), պիտի տեսնուին ռինկին վրայ:

Այս ճակատումին նախօրեակին, Դարչինեան մեծ ինքնավստահութեամբ կ՛ըսէ, որ պարտութեան պիտի մատնէ իր մրցակիցը եւ իր մօտ պահէ WBA-ի, WBC-ի եւ IBF-ի աշխարհի իր տիտղոսները:

Share this Article
CATEGORIES