ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ԱՅՍՕՐ ԲԱՑՈՒՄ` ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Աննա Շահնազարեան

Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով եւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Հայաստանի  Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, կը կատարուի բացումը հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Աննա Շահնազարեանի ցուցահանդէսին:

Գեղարուեստասէր հանրութիւնը այս ցուցահանդէսով առիթ պիտի ունենայ վայելելու Աննա Շահնազարեանի ստեղծագործական աշխարհը եւ անոր աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող իւղաներկերու գեղեցիկ հաւաքածոյ մը:

Հայաստան – սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի միացեալ այս գործակցութիւնը վստահաբար ունի բոլոր տուեալները յաւելեալ խորացման ու ծաւալման:

Ցուցահանդէսը կը տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր: Համազգայինի ցուցասրահը բաց կը մնայ ամէն օր` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

Share this Article
CATEGORIES