«ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԱՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւրոպական եւ այլ երկիրներու կոչ ուղղեց` Սուրիոյ եւ անոր նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու` յայտնելով, որ անհրաժեշտ է Ասատի վրայ ճնշումը բազմացնել ստիպելու համար, որ ան իշխանութենէն հեռանայ:

Քլինթըն Փարիզի մէջ Լիպիոյ հարցով խորհրդաժողովէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցումը գործնական գետնի վրայ սկսած է»` աւելցնելով, որ «ժամանակը հասած է, որ նախագահ Ասատ ընդունի այդ իրողութիւնը եւ իշխանութենէն հեռանայ, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը կարենայ իր ապագան ինք ճշդել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «անոնք, որոնք այս հրաւէրին մէջ մեզի միացած են, մեր խօսքերը շօշափելի գործերու պէտք է վերածեն` Ասատի եւ անոր շրջապատին վրայ ճնշումը բարձրացնելու համար, ներառեալ` սուրիական վարչակարգը իր բռնարարքները ֆինանսաւորելու կարելիութենէն զրկելու համար սուրիական ուժանիւթի մարզին վրայ նոր խիստ պատժամիջոցներ հաստատելը»:

Քլինթըն ողջունեց արաբական կարգ մը երկիրներն ու Թուրքիան Ասատի դէմ խիստ հաղորդագրութիւններ հրապարակելնուն համար եւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը իսկապէս կարեւոր քայլեր որդեգրած է:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատող որոշումին ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի:

 

Share this Article
CATEGORIES