ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱՄԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԷՆ ՏԱՐՐԵՐ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ պիտի տեղակայուին ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՕԹԱՆ-ի համար նախատեսուած ռատարի կայանը կը նախատեսուի տեղակայել մեր երկրին մէջ: Ատիկա կ՛իրականացուի ՕԹԱՆ-ի նոր հայեցակարգի ծիրին մէջ եւ պիտի նպաստէ ինչպէս Հիւսիսատլանտեան դաշինքի, այնպէս ալ մեր ազգային պաշտպանական համակարգի հզօրացման»:
Ուաշինկթըն անցեալ տարի առաջարկած էր Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր տեղակայել, որուն Անգարա երկար ժամանակ կը դժուարանար յստակ պատասխան մը տալ: Սակայն որոշ ժամանակ ետք թրքական իշխանութիւնները այդ տարրերու տեղակայման հարցին մէջ առաջադրեցին քանի մը նախապայմաններ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերու վերահսկողութիւնը պէտք է յանձնուի Անգարայի, այլապէս այդ ուղղութեամբ կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ: Ի պատասխան Էրտողանի յայտարարութեան, ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ ըսած էր, որ այդ տարրերուն տեղակայման պատասխանատուութիւնը կը կրէ ՕԹԱՆ, ուստի անիկա պիտի վերահսկէ այդ աշխատանքին:
Նախապէս ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան անանուն աղբիւրները յայտնած էին, որ Իրանի հրթիռային հաւանական յարձակումներէն պաշտպանուելու համար Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին ռատարի կայան մը տեղակայել Հարաւային Եւրոպայի մէջ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած էին, որ Փենթակոն կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ կամ Պուլկարիոյ մէջ «Էքս-պանտ» տիպի հզօր ռատարի տեղակայման կարելիութիւնը:
Ամերիկեան վարչակարգին կողմէ Թուրքիոյ մէջ ռատար տեղակայելու մասին Անգարային կատարած առաջարկէն ետք ամերիկացի ծերակուտականներ Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էին հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր տեղակայելու ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ` Վրաստանի մէջ: