ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԱԳԼՑՈՒՄ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՎՏԱՐԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
«Մաւի Մարմարա» նաւուն շուրջ ՄԱԿ-ի յանձնախումբի զեկուցումին մասին տեղեկութեանց հրապարակումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը նուազեցնէ Իսրայէլի մէջ դիւանագիտական իր ներկայացուցչութեան մակարդակը եւ կ՛առկախէ Իսրայէլի հետ զինուորական համաձայնութիւնները:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը պատասխանատու է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց այս կէտին հասնելուն համար: «Մինչեւ որ իսրայէլեան կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերուն չդիմէ, այսօրուան կէտէն ետդարձ կատարելը բացառուած է», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս հարցով իր երկրին կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք միջոցառումները թուելով յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու մակարդակը պիտի նուազի «երկրորդ քարտուղարի» մակարդակին, Իսրայէլի դեսպանատան «երկրորդ քարտուղար»ի մակարդակէն բարձր եղող բոլոր պաշտօնատարները չորեքշաբթի օր իրենց երկիրը պիտի ուղարկուին, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ կնքուած զինուորական բոլոր համաձայնութիւնները պիտի առկախուին:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա` իբրեւ արեւելեան Միջերկրականին վրայ ամէնէն երկար ծովեզերքը ունեցող երկիր, ազատ նաւարկումին առնչուող բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները պիտի որդեգրէ: «Թուրքիա Կազայի իսրայէլեան շրջափակումը չճանչցաւ եւ պիտի պահանջէ, որ շրջափակումի հարցը Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ քննուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այս առումով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը գործի լծելու ջանքերուն կը սկսինք: Իսրայէլեան յարձակումին թուրք եւ օտար զոհերուն դատարաններու մէջ հատուցում ստանալու ջանքերուն կարելի եղած բոլոր օժանդակութիւնը պիտի տրամադրենք»:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Թուրքիա կը ներկայացնէ կեցուածք մը, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէ բախումներու փոխարէն եւ արդարութիւն` բռնակալութեան փոխարէն: Ճիշդ ինչպէս Պոսնիոյ եւ Քոսովոյի ջարդերուն դէմ մեր ձայնը բարձրացուցինք, Կազայի դէմ անմարդկային յարձակումներուն դէմ եւս հակազդած ենք: Իսրայէլեան կառավարութիւնը այսօր ընտրանք մը ունի կատարելիք: Իսրայէլի վարչակազմի անդամները պէտք է տեսնեն, որ իսկական ապահովութիւնը իսկական խաղաղութեան հաստատման մէջ կը կայանայ: Անոնք պէտք է հասկնան, որ խաղաղութեան հաստատումը կարելի է ոչ թէ բարեկամ երկրի մը քաղաքացիները ջարդելով, այլ` բարեկամութիւնը ամրապնդելով: Յստակ է, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը այս իրականութիւնը տեսնելէ եւ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ փոփոխութիւնները տեսնելէ շատ հեռու է»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «կ՛ուզեմ շեշտել, որ մեր որդեգրած քայլերն ու ապագային որդեգրուելիք քայլերը առնչուած են իսրայէլեան կառավարութեան կեցուածքին: Մեր նպատակը թուրք-հրէական պատմական բարեկամութեան վնասել չէ, այլ իսրայէլեան կառավարութիւնը քաջալերել սրբագրելու իր սխալը, որուն արժանի չէր թուրք-հրէական բարեկամութիւնը»:
Տաւութօղլու ընդգծեց, որ «այս կէտէն կրնանք ետդարձ կատարել, եթէ իսրայէլեան կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերը որդեգրէ»:
31 մայիս 2010-ին «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ ՄԱԿ-ի յանձնախումբին զեկուցումը երէկ յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի: Սակայն մինչ այդ անոր մանրամասնութիւնները լոյս տեսան ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ: Տաւութօղլու այդ իրողութիւնը «լրջութեան պակաս» որակեց:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին մերժեց ՄԱԿ-ի յանձնախումբին զեկուցումը` յայտնելով, որ «իրականութեան մէջ զեկուցումը մեզի համար անարդար է եւ կարծես գոյութիւն չունի»:
Համաս շարժումի բանբեր Սամի Զահրի հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «Համաս կ՛ողջունէ Իսրայէլի դեսպանը Թուրքիայէն վտարելու թրքական որոշումը եւ զայն բնական պատասխան մը կը նկատէ Ազատութեան նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան ոճիրին ու Կազայի շրջափակումին վերջ չտալու Իսրայէլի պնդումին»: