ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԻՆ

Ծաղիկ կը զետեղեն ազատամարտիկի մը շիրիմին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեայ յոբելեանին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն, արտերկրէն ժամանած հիւրերու ու արցախահայութեան հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ դրած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի մամուլի գրասենեակէն:

Share this Article
CATEGORIES